image

Հալէպահայ Պրն. Վահրամը հարուածներու թիրախ

 Հալէպահայ Պրն.  Վահրամը հարուածներու թիրախ

Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով  Երեւան հաստատուած հալէպահայ պրն. Վահրամը, ծանօթ է մեզմէ շատերուն։

Ան իր ընտանիքը պահելու եւ արժանապատիւ  կերպով իր աւուր հացը  վաստակելու համար  փոքրիկ կրպակ մ՚ունի   Երեւանի  գետնագնացքի (Մեթրո)  «Հանրապետութիւն» կայարանի  գետնանցումի տակ, որ նաեւ յայտնի է նաեւ, որպէս «սուրիահայերու  փոքրիկ շուկայ»։

 Օրերս  պրն. Վահրամը  տգեղ միջադէպի մը «թիրախ»ը դարձած է եւ հարուածներ ստացած է իր աչքի հատուածէն։

 (Տեղեկութիւնը ներկայացուած  է հայրենի  լրագրող ՝ Մկրտիչ Կարապետեանի կողմէ)։

 Եղելութեան  ճիշդ պատճառները  յստակ չեն, սակայն կ՚ըսուի, որ հարուածները տուող անձը թքած է պրն. Վահրամի  կրպակին ուղղութեամբ, որմէ ետք ալ եղած է վէճ ու  հարուածներ։

 

 Պարզ չէ, որ պրն. Վահրամ այս հարցով դիմած է արդեօք Երեւանի ոստիկանութեան, սակայն տխուրն այն է, որ   անիմաստ տեղը ան կը դառնայ  բռնութեան հերթական զոհ։