image

Հալէպահայ երիտասարդ Լեւոն Մէլօեանի անժամանակ մահը

 Հալէպահայ երիտասարդ Լեւոն Մէլօեանի անժամանակ մահը

Հալէպէն ցաւալի լուր ստացանք։ Յետ անողոք հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է ազնիւ հայորդի եւ իր շրջապատին կողմէ սիրուած ու յարգուած Լեւոն Մէլօեանը։ 

 Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է երեքշաբթի 27 յունիսին Հալէպի Հայց. Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուած է եւ ամփոփուած Հալէպի Ազգային գերեզամանատունը։ 

 Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք երիտասարդ հայորդիի հարազատներէն տիկին Նորա Մէլօեան-Սեւակեանի այս տխուր առթիւ «Արեւելք»ի խմբագրութեան ուղարկուած բովանդակալից մահագրականը։

 

 

Լեւոն Մէլօեան ծնած է Հալէպ 1987-ին , զաւակն էր Համբարձում եւ Զուարթ Մէլօեաններու, եւ կրտսեր եղբայրը Կարօ Մէլօեանին։ 

Մանկութենէն աշխատասէր եւ ուշիմ տղու տպաւորութիւնը ձգած է բոլոր զինք ճանչցողներուն մօտ։ 

Հօրը մահուընէ ետք , շատ երիտասարդ տարիքին, ան դարձաւ ընտանիքի պատասխանատուն եւ իր մօր գլխաւոր խնամատարը ։ Սուրիոյ պատերազմը շատ պատճառ դարձաւ, որ մեծ թիւով ընտանիքներ իր ձիր ու ցան դառնան, նոյնպէս ալ եղաւ Լեւոնի ընտանիքի պարագային եւ անոր սրտակից եղբայրը Կարոն գաղթեց Գերմանիա, մեծ կարօտի առիթ դառնալով Լեւոնին համար։ 

 

Ան կանուխ տարիքին մտաւ գործի ասպարէզ եւ շնորհիւ իր պարկեշտ, բարի, աշխատասէր, հաւատարիմ եւ անկեղծ բնաւորութեան արժանացաւ բոլորին սիրոյն եւ յարգանքին։ 

հակառակ իր շատ երիտասարդ տարիքին ան վարպետ արհեստաւորի համբաւը կը կրէր։ Ինքնաշխատութեամբ եւ ինքնազարգացումով կարճ ժամանակուայ մէջ շատ բան սորված էր կեանքի ու աշխարհի մասին։ 

Լեւոնին համար ընտանիքը ամէն բանէ վեր էր եւ իր հարազատները մեծ տեղ կը գրաւէին իր սրտին ու առօրեային մէջ։ 

Ան ժամերով կրնար խօսիլ զինք եւ ընդհանրապէս մարդկութիւնը յուզող շատ մը նիւթերու շուրջ։ Թունթ հայրենասէր ու իր ժողովուրրդի վիճակով մտահոգ հայորդի էր Լեւոն։ Իր գերդաստանով ու ընտանեկան արմատներով միշտ հպարտ անհատ, որ զարմանալի կարողութեամբ սորված էր ու կը պատմէր իր ընտանիքի նախահայրերուն եւ անոնց հերոսութեան մասին։ 

 

Ծառայասէր էր, անձնուէր եւ անշահախնդիր ընկեր , որ հարկ եղած պահուն պատրաստ էր ամէն գնով պաշտպանել եւ թիկունք կանգնիլ իր ընկերոջ։ 

Տակաւին շատ ծաղիկ հասակին երբ իր տարեկիցները կեանքի զանազան հաճոյքներով եւ վայելքներով տարուած էին , ինք արդէն ակամա սկսած էր պայքարիլ անողոք եւ չարակամ հիւանդութեան դէմ, որ հրեշային արագութեամբ եկաւ եւ Կիրակի 26 Յունիսին տարաւ զինք այս աշխարհէն, ուր տակաւին շատ երազներ ունէր իրականացնելիք եւ շատ նպատակներ իրագործելիք։ 

 

Մարդկային բարձր արժանիքներով օժտուած իւրայատուկ Լեւոնը մինչեւ իր կեանքի վերջին շունչը մնաց խոնարհ, համեստ, ազնիւ ու միշտ երախտապարտ։ Հակառակ ծանր հիւանդութեան, չփոխուեցաւ։ Հակառակ զգացած սուր ցաւերուն եւ տառապանքին, ան երբեք չչարացաւ։

 

Մեկնեցաւ այս աշխարհէն այդպէս ալ առանց հասկնալու թէ ինչու ճակատագիրը այսքան դաժան վարուած էր իր հետ եւ զինք շատ կանուխէն գլորած էր մահուան ցուրտ ու խորունկ ձորը։