image

Հալէպ Կը Շարունակէ Առանց Ելեքդրականութեան Մնալ

Հալէպ  Կը Շարունակէ Առանց Ելեքդրականութեան Մնալ

 Սուրիա-  Հալէպ կը    շարունակէ մնալ ծանր պայմաններու տակ: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ   հայկական շրջաններուն   մէջ  ապրող իր աղբիւրէն:  Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ քաղաքը կը գտնուի համատարած  մթութեան մէջ եւ վերջին     օրերուն  ելեքդրականութիւնը    կը  շարունակէ մնալ   ընդհատուած: Նոյնը կարել է ըսել    ջուրի մատակարարման մասին: Քաղաքին  մէջ  առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները մեծ    գնաճ արձանագրած  են: Նշենք, որ  քաղաքի հարաւային հատուածներուն  մէջ բանակը կը շարունակէ   զինուորական   թէժ  գործողութիւններ կատարել  եւ  կարեւոր յառաջխաղացք   գրանցած է «Ալ Հատէր»  աւանին  մէջ: «Ալ Հատէր»ը կը համարուի «Ալ  Նըսրա» ճակատի գլխաւորագոյն կեդրոնը   Հալէպի հարաւային  հատուածին մէջ: Լուսանկարը ՝  Հալէպի   հարաւային  «Ալ  Հատէր» շրջանէն: