Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արա Աւետիսեան, Հալէպի մէջ իր ծառայութեան աւարտին, այցելութիւն տուաած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հինգշաբթի, 28 Օգոստոս 2025-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Մեծարգոյ Արա Աւետիսեան, Հալէպի մէջ իր ծառայութեան աւարտին, այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, մեծարգոյ հիւպատոսը իր ուրախութիւնը յայտնեց, Հալէպի մէջ շուրջ մէկ տարուան իր ծառայութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ թեմին հետ համագործակցաբար կատարած աշխատանքներուն համար։
Սրբազան Հայրը, իր կարգին, գնահատեց պարոն Հիւպատոսը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր՝ Հալէպի մէջ իր մատուցած ծառայութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն վստահուած առաքելութեան։