Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, պատուիրակութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուած է Հալէպի Արաբ Աւետարանական Երիցական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Իպրահիմ Նսէրին՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի աւետարանական ազգային սինոտի նախագահ ընտրուելուն ուրախ առիթով։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, պատուիրակութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Հալէպի Արաբ Աւետարանական Երիցական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Իպրահիմ Նսէրին՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի աւետարանական ազգային սինոտի նախագահ ընտրուելուն ուրախ առիթով։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան։
Սրբազան Հայրը յանուն թեմին շնորհաւորեց համայնքապետը եւ բարի ու արգասաբեր ծառայութիւն մաղթեց անոր։