image

Պուրճ Համուտի մէջ տիրող վիճակին մասին ՝ Քաղաքապետարանէն՝ հաղորդագրութիւն

Պուրճ Համուտի մէջ տիրող վիճակին մասին ՝ Քաղաքապետարանէն՝   հաղորդագրութիւն

Վերջին ամիսներուն   ինչպէս  Պէյրութի   տարբեր շրջաններուն, նոյնպէս ալ հայաշատ Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ գրանցուեցան ապահովական միջադէպէր։

 Բախումները   տեղի կ՚ունենային յատկապէս  Պուրճ Համուտ  ապրող   սուրիացի բանուորներուն  եւ միւս կողմէ   շրջանի մասնաւորապէս արաբ- քրիստոնեայ  բնակիչներուն  միջեւ։ 

Բախումներ, դաշունահարումներ եւ  լարուած  մթնոլորտ, որմէ հեռու են մեր հայրենակիցները, որոնք սակայն   մտահոգ  աչքերով կը հետեւին զարգացումներուն։

 Անշուշտ այս բախումները  նորութիւն մը չեն, սակայն լուրջ մտավախութիւններ կան, որ  ստեղծուած դրութիւնը կրնայ ծառայեցուիլ  որոշ  ուժերու կողմէ ստանալու համար  քաղաքական միաւորներ, կամ  ալ   սեւ  լաթ մը  նետելու լիբանանահայութեան վրայ։ 

Այս  առումով ալ    Պուրճ Համուտի  քաղաքապետութիւնը ( փոխ-քաղաքապետ Մարտիրոս  Արսլանեանի   գրչով) հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնեք ստորեւ  յուսալով,  որ առկայ լարումը շուտով   կը վերանայ եւ ամէն ինչ կը վերադառնայ իր  նախկին  բնականոնութեան։ 

Լիբանանեան տարբեր շրջաններու, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ վերջերս բազմացած են ապահովական միջադէպերը, այն աստիճան, որ շրջանին մէջ ստեղծուած է մտահոգիչ եւ լարուած մթնոլորտ:

Նկատի ունենալով այս իրողութիւնը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կապ հաստատած է ապահովական բոլոր կառոյցներուն հետ եւ անոնցմէ պահանջած աշխուժացնել շրջանին մէջ իրենց ներկայութիւնը` կացութիւնը զսպելու եւ շրջանին ապահովութիւնը պահպանելու նպատակով: Այս իմաստով քաղաքապետութիւնը կը յուսայ, որ գետնի վրայ առնուին քայլեր, որոնք կը ծառայեն անվտանգութիւնը ամրապնդելու նպատակին:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը բոլոր պատկան կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ գործակցելու քաղաքապետութեան ոստիկանութեան եւ պահակներուն հետ` դիւրացնելու համար անոնց աշխատանքը: Այս առումով կը փափաքինք նաեւ բոլորին ուշադրութեան յանձնել, որ քաղաքապետութեան ոստիկանութեան թիւը մեծ նուազում արձանագրած է` երկրին եւ պետական հաստատութիւններուն դիմագրաւած նիւթական ու ապրուստի տագնապին պատճառով:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը վերյիշեցնէ Պուրճ Համուտի մէջ իւրաքանչիւր կալուածատէրի` բնակարան, վաճառատուն կամ գործարան, որ իրենց մօտ աշխատող ոչ լիբանանցի բանուորները պէտք է օրինական կեցութիւն ունենան, այլապէս օրինազանց կալուածատէրերը եւ հաստատութիւնները պիտի տուգանուին եւ անոնց նկատմամբ պիտի որդեգրուին դատական համապատասխան տնօրինումներ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իր շրջանին մէջ իւրաքանչիւր կալուածատէրէ` բնակարան, վաճառատուն կամ գործարան, կը պահանջէ իր կալուածը վարձու չտալ ոչ լիբանանցի ոեւէ անհատի, եթէ ան օրինական եւ պետական փաստաթուղթեր չունի, եւ պատրաստ չէ քաղաքապետութեան հետ վարձքի պայմանագիր ստորագրել:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այս բոլորը կը յանձնարարէ, եւ չգործադրուելու պարագային պատրաստ է օրինազանցներուն դէմ օրինական քայլերու դիմել:

Ի վերջոյ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը հաստատէ իր պատրաստակամութիւնը` օրէնքի եւ կանոնի սահմաններուն շրջագիծին մէջ որդեգրելու բոլոր միջոցներն ու քայլերը, ինչպէս նաեւ գործակցելու պաշտօնական կառոյցներուն, հեղինակութիւններուն եւ շրջանի բնակիչներուն հետ` պահպանելու համար շրջանի բնակչութեան անվտանգութիւնն ու հաստատութիւններուն ապահովութիւնը: