image

Գորիսի եւ Կոռնիձորի մէջ բժշկական ծառայութիւն մատուցուած է 725 քաղաքացիի, որոնցմէ 355 երեխայ եւ 22 յղի

Գորիսի եւ Կոռնիձորի մէջ բժշկական ծառայութիւն մատուցուած է 725 քաղաքացիի, որոնցմէ 355 երեխայ եւ 22 յղի

Կոռնիձորի մէջ տեղակայուած մարդասիրական կայանին եւ Գորիս քաղաքին մէջ շուրջօրեայ կը գործեն առաջին բժշկական օգնութեան կէտեր, ուր ծառայութիւններ կը մատուցեն Գորիսի բժշկական կեդրոնի եւ Երեւանի դարմանատուներէն գործուղուած բժիշկները։

Այս մասին յայտնած են ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութենէն:

Բժիշկներու կազմին մէջ կան նաեւ նեղ մասնագէտներ (ջղաբան, սրտաբան, ներզատաբան):

Տեղւոյն մէջ շուրջօրեայ կը հերթապահեն նաեւ շտապ բուժօգնութեան մեքենաները, որոնք ըստ անհրաժեշտութեան կ'իրականացնեն հիւանդներու տեղափոխում հիւանդանոցներ։

Առաջին երկու օրուան ընթացքին ծառայութիւն մատուցուած է 725 քաղաքացիի, որոնցիմէ 355 երեխայ եւ 22 յղի:

Բուժկէտերը եւ շտապ օգնութեան մեքենաներն ապահովուած են անհրաժեշտ դեղերով եւ բժշկական պարագաներով: