image

Գորիս- Դաւիթ Բեկ ճանապարհային հատուածին ռուս խաղաղապահներ պիտի տեղակայուին

Գորիս- Դաւիթ Բեկ ճանապարհային հատուածին ռուս խաղաղապահներ պիտի տեղակայուին

 

Ի պատասխան ԶԼՄ ներկայացուցիչներու հարցումներուն` հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ դեռ 2020թ. 19 դեկտեմբերին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած էր.

 

«1․ Համաձայն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան՝ Գորիս-Դաւիթ-Բեկ ճանապարհային հատուածում երթեւեկութեան անխափանութեան նկատառումներով տեղակայւում են ռուս սահմանապահ ուժեր։

2․ Գորիս-Կապան ճանապարհի 21քմ. երկարութեամբ հատուածի անվտանգութիւնը, որն  անցնում է վիճարկելի տարածքով, կ'ապահովուի ռուս սահմանապահների միջոցով։

3․ Շփման գծի մի կողմում կը տեղակայուեն ՀՀ սահմանապահ զօրքեր՝ Հայաստանի կողմից, Ատրպէյճանի սահմանապահ զօրքերը՝ Ատրպէյճանի կողմից:

Նշուած ճանապարհահատուածի անվտանգութիւնն ապահովելու նպատակով ձեռնարկուելու են անհրաժեշտ համալիր միջոցառումներ»:

Այսպիսով, վերոնշեալ համալիր միջոցառումներու շրջածիրէն ներս քաղաքացիներու տեղաշարժման, փոխադրային միջոցներու, բեռերու փոխադրման անվտանգութիւնն ապահովելու նպատակով ճանապարհահատուածին տեղակայուած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի սահմանապահ ծառայութիւնները: ՌԴ սահմանապահներու կողմէ վերոնշեալ ճանապարհներու անվտանգութեան վերահսկողութիւնը ապահովելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ՀՀ եւ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարներու միջեւ։