image
Հրատապ լուրեր:

Գրող Սալման Ռուշտիին դանակահարողը հերքած է Իրանի հետ կապ ունենալու «մեղադրանք»ը

Գրող Սալման Ռուշտիին դանակահարողը հերքած է Իրանի հետ կապ ունենալու «մեղադրանք»ը

Հատի Մաթար, որ օրեր առաջ Նիւ Եորքի մէջ յարձակած եւ դանակահարած է «Սատանայական բանաստեղծութիւններ» հակաիսլամական վէպի գրող Սալման Ռուշտին, հերքած է Իրանի հետ որեւէ կապ ունենալը: Այս մասին ան յայտարարած է բանտէն The New York Post-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։

Աւելի վաղ ԱՄՆ ոստիկանութիւնը նոյնպէս յայտարարած էր, որ 24-ամեայ Մաթար այս յարձակման ժամանակ գործած է բոլորովին առանձին։ Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցներու՝ Մաթար ծնած է Քալիֆորնիա, լիբանանցի ծնողներու ընտանիքի մէջ, սակայն վերջերս տեղափոխուած է Նիւ Ճըրզի։

Դատախազի խօսքով՝ յարձակողը դանակի 10 հարուած հասցուցած է Ռուշտիին՝ նպատակային եւ նախապէս ծրագրուած յարձակման ժամանակ։ Հատի Մաթարին պաշտօնապէս մեղադրանք առաջադրուած է սպանութեան փորձի համար։

Օրերս Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը հերքած է Իսլամական Հանրապետութեան հասցէին մեղադրանքները, որոնք հնչած են հնդկական ծագումով բրիտանացի գրող Սալման Ռուշտիի վրայ կատարուած մահափորձէն ետք:

2012 թուականին իրանական կրօնական 15-Khordad հիմնադրամը գրողի սպանութեան համար 3,3 միլիոն տոլար պարգեւավճար սահմանած է։ 1989 թուականին Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Խամենէին «ֆաթուա» հրապարակած է՝ կոչ ընելով սպանելու պարոն Ռուշտին:Այսպէս, Իրանի պաշտօնեաներն ու հաստատութիւնները արձագանգծ են Սալման Ռուշտիի «Սատանայական բանաստեղծութիւններ» վէպի հրապարակման, որ կը նկարագրէ դրուագներ Մուհամատ մարգարէի կեանքէն, որոնք կը հակասեն մահմետական սուրբ գրութիւններուն:

Վերը նկարագրուած իրադարձութիւններու կապակցութեամբ բրիտանական կառավարութիւնն իր պաշտպանութեան տակ առած էր Ռուշտին։ Ան բազմիցս յայտարարած է, որ չէ փորձած իր ստեղծագործութեամբ վիրաւորել հաւատացեալները, իսկ վէպը, որպէս ամբողջական ստեղծագործական միաւոր, չի կրնար վիրաւորել որեւէ մէկու զգացումները։