image
Հրատապ լուրեր:

«Գնդակը Հայաստանի դաշտին մէջ է». Հաճիեւ

«Գնդակը Հայաստանի դաշտին մէջ է». Հաճիեւ

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Х-ի իր էջին անդրադարձած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին՝ յայտարարելով, որ «հայկական կողմը երկու ամսէն աւելի է, որ կը ձգձգէ փաստաթուղթի իր տարբերակի ներկայացումը»։

«Սեպտեմբեր 11-ին Ատրպէյճանը երկկողմ ուղիներով հայկական կողմին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագրի 5-րդ լրամշակուած տարբերակը՝ համապատասխան նշումներով, եւ մօտ ժամանակներս կը սպասէ Հայաստանի պատասխանին։ Հակառակ մինչեւ այս տարեվերջ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու պատրաստակամութեան մասին հրապարակային յայտարարութիւններուն՝ հայկական կողմը երկու ամսէ աւելի է՝ կը ձգձգէ փաստաթուղթի իր տարբերակի ներկայացումը»,- նշած է Հաճիեւ՝ աւելցնելով, որ ատրպէյճանական կողմը բազմիցս յայտարարած է՝ սա պատմական հնարաւորութիւն է եւ փաստաթուղթը ստորագրելուն խոչընդոտող հանգամանք այլեւս չկայ։

Ինչպէս յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնականը՝ այժմ լուրջ հարցեր կ՚առաջացնէ այն, թէ որքանով Հայաստանը պատրաստ է ատոր։

«Խաղաղութեան պայմանագրի թեքսթը միջուկային բնագիտութիւն չէ։ Ատրպէյճանի կողմէ առաջարկուած միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն համապատասխան՝ խաղաղութեան պայմանագրի բնագիրը կրնայ համաձայնեցուիլ աւելի արագ՝ աշխուժ երկկողմ բանակցութիւններու միջոցով։ Գնդակն այժմ Հայաստանի դաշտին մէջ է»,- եզրափակած է Հաճիեւ։