image
Հրատապ լուրեր:

«Գիտէ՞ք ինչ, իմ ծունկի ցաւին համար ինձ բաժակ մը «թէքիլա» է հարկաւոր». Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին կատակը

«Գիտէ՞ք ինչ, իմ ծունկի ցաւին համար ինձ  բաժակ մը «թէքիլա» է հարկաւոր».  Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին  կատակը

Նշուած է, որ Պապը կը տառապի  ծունկի ուժեղ ցաւերէ եւ ոտքի այլ խնդիրներէ, նոյնիսկ ան վերջերս սկսած է  օգտագործել յատուկ սայլակներ։ 

 

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի կատակը, թէ բաժակ մը «թէքիլա» թերեւս օգնէ  իրեն ծունկի ցաւը մեղմացնելու, տարածուած է ընկերային հարթակներով: 

Օրերս «Tik Tok» հարթակով մեքսիքացի՝ Ռոտրիկօ Ֆերնանտէզ Տի Քասթրօ հրապարակած է Ֆրանչիսկոս Պապի շրջապտոյտներէն մէկուն ընթացքին կատարուած պատահական երկխօսութիւն մը: 

Պապը փոխադրող ինքնաշարժը երբ կանգնած է Ս.Պետրոս հրապարակին վրայ շրջապտոյտի մը ընթացքին, մեքսիքացի հաւատացեալներէն շատեր բարձրաձայն հարցուցած են  թէ «ինչպէս է անոր ոտքի ցաւը»: 

Հռոմի արժանթինցի 85 ամեայ Պապը պատասխանած է սպաներէնով «Լաւ չէ», - ապա խնդալով աւելցուցած  «Գիտէ՞ք ինչ  պէտք է ոտքիս համար,  բաժակ մը «թէքիլա»»։

Նշուած է, որ Պապը կը տառապի  ծունկի ուժեղ ցաւերէ եւ ոտքի այլ խնդիրներէ, նոյնիսկ ան վերջերս սկսած է  օգտագործել յատուկ սայլակներ։ 

Իսկ «թէքիլա»ի կատակէն ետք մեքսիքացիները ծիծաղած են ու պատասխանած՝ «Եթէ օր մը երթանք Սանթա Մարթա, ձեզի համար շիշ մը կը բերենք», ակնարկելով Վատիկան գտնուող Սանթա Մարթա հիւրատունին, որու սենեակներէն մէկուն մէջ կը բնակի Ֆրանչիսկոս Պապը: 

Մեքսիքացիներէն մէկը շնորհակալութիւն յայտնած է Պապին, որ հակառակ  իր ունեցած ծանր ցաւերուն  տակաւին  կը շարունակէ կատարել իր պարտականութիւնները եւ որ իրենց օրինակը դարձած է, որովհետեւ ապագային իրենք ալ կ'ուզեն դառնալ հոգեւորականներ։