image

Գիշերը ուքրանական բանակը փորձած է հարուածել Խրիմը․ Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Գիշերը ուքրանական բանակը փորձած է հարուածել Խրիմը․ Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պնդած է, որ այս գիշեր ուքրանական բանակը փորձած է հարուածել Խրիմը՝ աւելի քան չորս տասնեակ անօդաչու թռչող սարքերով, բոլորը խոցուած են։

Ռուսիոյ ռազմական գերատեսչութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ Քալուկայի շրջանին մէջ ուքրանական հրթիռ խոցուած է։

Ռուսական բազմաթիւ թելեկրամ ալիքներ գիշերը հաղորդած էին Քալուկայի, Թուլայի եւ Մոսկուայի շրջաններու երկինքին մէջ լսուող ձայներու մասին, ենթադրելով, որ հակաօդային պաշտպանութիւնը կ'աշխատի անօդաչու թռչող սարքերու ուղղութեամբ:

Մոսկուայի «Վնուքովօ» եւ «Տոմոտետովօ» օդակայանները կրկին ժամանակաւորապէս փակուած էին: