Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ-ի 2030 զինուոր եւ 250 միաւոր զինուորական սարք կ'իրականացնեն խաղաղապահ խնդիրներ, այս մասին ըսած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը։
ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ան նշած է, որ ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերը կ'իրականացնեն օդակայաններու, ռազմական պահեստներու եւ ռազմավարական այլ կառոյցներու ծածկոյթի եւ անվտանգութեան ապահովման գործառոյթներ։
Թոքաեւի խօսքով՝ ՀԱՊԿ-ը ցոյց տուած է իր արդիականութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը՝ որպէս հեղինակաւոր ռազմաքաղաքական կազմակերպութիւն։