Մենք այսօր պէտք է ստեղծենք երաշխիքներ, որ ընտրակաշառք բաժնող եւ այդ տրամաբանութեամբ գործող քաղաքական ուժերը չունենան որեւէ հնարաւորութիւն ՀՀ-ի մէջ՝ որեւէ քաղաքական ազդեցութիւն ունենալու: Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս, ելոյթի ժամանակ ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:
«Մենք պէտք է յստակ արձանագրենք, որ, ըստ էութեան, խորհրդարանական այն ընդդիմութիւնը, որը ձեւաւորւում է 9-րդ գումարման Ազգային ժողովում, կատարելապէս ապօրինի գործունէութեան արդիւնքում ձեւաւորուած քաղաքական միաւոր է, կամ նոյնիսկ չի կարելի ասել քաղաքական միաւոր:
ՀՀ լեգիտիմ իրաւունքն է այդ պրոցեսները եւ այդ շրջանակներին զրկել հետագայ քաղաքական գործունէութեան հնարաւորութիւնից: Դրա համար ՀՀ-ն պէտք է ձեռնարկի միջոցներ: Մենք 2026-ի խորհրադարանական ընտրութիւնների նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքում նաեւ այդ պարտաւորութիւնը ստանձնել ենք եւ վերաստանձնել ենք»,-նշած է ան: