image

Ղարաբաղեան թեմայով ցուցահանդէս՝ Վարշաւայի մէջ

Ղարաբաղեան թեմայով ցուցահանդէս՝ Վարշաւայի մէջ

Արցախի մշակութային եւ յատկապէս կրօնական ժառանգութեան պատկանելիութիւնը կեղծող, զայն աղուանական համայնքին վերագրող ազերպայճանական կողմի՝ Վարշաւայի մէջ կազմակերպած աղմկայարոյց ցուցահանդէսէն քանի մը ամիս ետք այս անգամ նոյն քաղաքին մէջ, նախաձեռնութեամբ Oeuvre d’Orient-ի, հոկտեմբերի 4-ին բացուած է պատմական իրականութիւնը ցոլացնող ցուցահանդէս մը:

Այս մասին կը հաղորդէ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս նիւթին նուիրուած՝ Oeuvre d’Orient-ի դիմագիրքեան էջին հրապարակուած տեղեկատւութիւնը.

«“Լեռնային Ղարաբաղ. վտանգուած հայկական ժառանգութիւնը” (վերնագրի բառացի թարգմանութիւնը լեհերէնէ՝ «Górski Karabach: zagrożone dziedzictwo ormiańskie») խորագրով ցուցահանդէսը կը տեւէ Հոկտեմբեր 4-էն 18 Վարշաւայի Skwer Ks. Jan Twardowski հրապարակին վրայ։

Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Œuvre d’Orient-ի կողմէ՝ Fundacja Kultury i Dziedzictwa Ormian Polskich-ի (Լեհահայերու մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ) հետ միասնաբար:

Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 4-ի կէսօրին, Վարշաւայի արքեպիսկոպոս, Լեհաստանի մէջ արեւելքցիներու տեսուչ, կարդինալ Կազեմիերզ Նիչի եւ Վարշաւայի եպիսկոպոսի տեղակալ Միխալ արք. Եանոչայի ներկայութեամբ, որուն յաջորդեց հանդիպում մը Պատմութեան հետ հանդիպումներու տան մէջ»։

 

Աղբիւր՝ https://www.facebook.com/OeuvredOrient/