Պատմական Ակնարկ
24 Ապրիլի ոգեկոչումը, իր հիմնաւորման առաջին իսկ օրերէն, ունեցած է խիստ եկեղեցական եւ հոգեւոր բնոյթ: Պատմական տուեալները կը հաստատեն, որ ճիշդ 110 տարի առաջ՝ 1916 թուականի Ապրիլին, Պոլսոյ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ՝ Նազլեան Գերապայծառի ներկայութեամբ եւ քարոզով:
Այս նուիրական աւանդութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 1965 թուականը՝ նահատակութեան 50-ամեակը: Այդ յատկանշական տարեդարձին, երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանը կարեւոր սրբագրութիւն մը կատարեց մեր ընկալումներուն մէջ. ան պատգամեց 24 Ապրիլը դիտել ոչ թէ որպէս սոսկ «սգատօն», այլ որպէս «փառատօն»: Այսինքն՝ տօնել նահատակներուն յաղթանակը մահուան հանդէպ եւ անոնց փառքը յաւիտենականութեան մէջ:
Այս տարի եւս, Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Գերեզմանատան եկեղեցւոյ մէջ, Գերապայծառ Տէր Վարդան ԹԾՎ Գազանճեան վերահաստատեց այս հոգեւոր ուղղութիւնը՝ ներկայացնելով նահատակութեան վեհ իմաստը:
Սուրբ Նահատակաց Յիշատակի Օր
Գերապայծառ Տէր Վարդանի Պատգամը
«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր,
Այսօր հաւաքուած ենք ոգեկոչելու մեր սուրբ նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին վասն Քրիստոսի։ Մինչ կը յարգենք անոնց յիշատակը, պէտք է մեր մտքին մէջ յստակացնենք շատ կարեւոր տարբերութիւն մը. քրիստոնէական նահատակութիւնը լոկ մահ չէ, այլ կեանքի վկայութիւն մը։
Այսօրուան աշխարհին մէջ խոր ցաւով կը յիշենք պատերազմներու եւ մեծ հալածանքներու բոլոր զոհերը։ Սակայն, քրիստոնեայ նահատակը այս անմեղ զոհերէն զատող հիմնական տարբերութիւն մը կայ. նահատակը այն զոհը չէ, որուն կեանքը խլուած է իրմէ, այլ վկայ մըն է, որ իր կեանքը յօժարակամ կը նուիրէ՝ առ Քրիստոս ունեցած սիրոյն համար։
«Նահատակ» կամ «մարտիրոս» բառին արմատը կը նշանակէ «վկայ»։ Պատերազմի զոհը կը մեռնի, որովհետեւ թիրախ կը դառնայ անմարդկային ատելութեան։ Մինչդեռ քրիստոնեայ նահատակը կը մեռնի, որովհետեւ նոյնիսկ իրեն դէմ ատելութիւն ժայթքողներուն առջեւ կը վկայէ Աստուծոյ սիրոյն մասին։ Պատերազմի զոհին մահը ողբերգութիւն է, իսկ նահատակին մահը՝ պատարագ է եւ ընծայաբերում։ Ինչպէս մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ոչ ոք կը խլէ զայն ինձմէ, հապա ես կու տամ զայն» (Յովհ. 10, 18):
Պատերազմները փակ շրջանակներ են, ուր ատելութիւնը ատելութիւն կը ծնի։ Սակայն նահատակութիւնը կը կոտրէ այս շղթան։ Մինչ պատերազմի զոհը անօգնականութեան մէջ հոգին կ՚աւանդէ, նահատակը հոգին կ՚աւանդէ՝ աղօթելով իր դահիճին համար։
Նահատակը աշխարհիկ զոհերէն անջատող ամենամեծ լոյսը ներումն է։ Նահատակը զինք սպաննողը իբրեւ թշնամի չի տեսներ, այլ՝ իբրեւ փրկութեան կարօտ հոգի մը։ Ասիկա քրիստոնէական նահատակութեան վեհագոյն իմաստն է։ Կը հռչակէ սիրոյ յաղթանակը հոն՝ ուր ատելութիւնը կը պարտուի։
Աշխարհիկ աչքով նայելով՝ պատերազմի մահը կորուստ է, բնաջնջում։ Բայց ինչպէս Եկեղեցւոյ հայրերէն Տերտուղիանոս ըսած է. «Նահատակներուն արիւնը քրիստոնէութեան սերմն է»։ Նահատակին մահը պտղաբեր է. անիկա կը սնուցանէ եկեղեցին ու կը զօրացնէ հաւատքը։ Անոնք այն ջահերն են, որոնք մահուան սոսկալի խաւարը կը լուսաւորեն Քրիստոսի Յարութեան լոյսով։
Սիրելի՛ հաւատացեալներ, Կարելի է որ մեզմէ ամէն մէկը ամէն օր արիւն թափելով նահատակուելու չկանչուի։ Սակայն բոլորս ալ կոչուած ենք անարիւն նահատակութեան։ Այսինքն՝ մեր առօրեայ կեանքին մէջ վկայելու՝ ատելութեան փոխարէն սէրը, վրէժխնդրութեան փոխարէն ներումը եւ ստութեան փոխարէն ճշմարտութիւնը դնելով։
Այսօր, մինչ կը յիշենք մեր նահատակները։ Տօնենք ոչ միայն անոնց տառապանքը, այլ այն անսասան ազատութիւնը, որ անոնք գտան Քրիստոսի մէջ։ Ըլլա՛նք ոչ թէ աշխարհի զոհերը, այլ Հաւատքի վկաները։ Ամէն։»

.jpeg)

Պոլիս, 24 Ապրիլ 2026
Շիշլիի Հայ Կաթողիկէ Գերեզմանատան եկեղեցի