image

«Թումօ»ն հասաւ Մոնթէվիտէօ

«Թումօ»ն հասաւ Մոնթէվիտէօ

«Թումօ» ստեղծարար թեքնիքագիտութեան կեդրոնը դարձած է Հայաստանի միջազգային ապրանքանիշերէն մէկը։ Կեդրոնը, Հայաստանի 5 մասնաճիւղերէն զատ (Երեւան, Կիւմրի, Սեւան, Դիլիճան ու Կողբ), միջազգային 7 կեդրոն ունի արտասահմանի մէջ (Փարիզ, Պէյրութ, Մոսկուա, Թիրան, Պերլին, Քիյեւ եւ Լիոն)։ Այժմ այս եօթը կեդրոններուն միացաւ Հարաւային Ամերիկայի ցամաքամասէն նոր կեդրոն մը։

Արդարեւ, Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Թումօ» կեդրոնին։ Ներկայ էին երկրի Նախագահ Եամանտու Օրսի, «Ամերիկեան օդակայաններու ընկերակցութեան» գործադիր տնօրէն Մարտին Էօռնէքեան, «Թումօ»ի միջազգային ծրագիրներու ղեկավար Քրիս Շահինեան ու բարձրաստիճան այլ հիւրեր։

Մոնթէվիտէոյի մէջ «Թումօ» կեդրոն բանալու ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ Ուրուկուէյի օդակայաններու ու «Ամերիկեան օդակայաններու ընկերակցութեան» համատեղ գործակցութեամբ։ «Թումօ-Ուրուկուէյ»ը պիտի կարենայ շաբաթական մինչեւ 1500 ուսանող ընդունիլ իր յարկին տակ։ Աւելի՛ն, «Կուկըլ» յայտարարեց որ յառաջիկայ երկու տարիներուն պիտի գործակցի «Թումօ-Ուրուկուէյ»ի հետ, ուսանողներուն տրամադրելով բարձրորակ կրթական միջոցներ, յատկապէս արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ նոր կարելիութիւններ։

Քրիս Շահինեան ընդգծեց, թէ ոգեւորիչ է տեսնել, որ աւելի մեծաթիւ պատանիներ կը ստանան «Թումօ»-ի կրթական իւրայատուկ մօտեցումէն օգտուելու հնարաւորութիւն։ Ան նաեւ աւելցուց որ հիմնադրութեան 15-ամեակը նշելու լաւագոյն ձեւը աշխարհի զանազան վայրերու մէջ նոր կեդրոններու բացումն է եւ երիտասարդներուն համար նոր հեռանկարներու ստեղծումը։

Իր 15-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ, «Թումօ»-ն կը շարունակէ ընդլայնիլ՝ նպատակ ունենալով մինչեւ 2026-ի տարեվերջ 15 երկիրներու մէջ հիմնադրել 30 կեդրոն։