ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Թեմերու Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. օրերս քաղաքավարական այցելութիւն տուած է Տոհայի մէջ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանատուներ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ լրատւութիւնը՝
Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, Տոհա այցելութեան վերջին օրը, ընկերակցութեամբ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամ՝ տիար Սթիւ Գարամարտեանի եւ Ազգային Գործադիր Մարմինի Ատենապետ՝ Բժշկ. Հրաչ Բարսեղեանի եւ տիար Վիգէն Թաթարեանի, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ Տիկ. Դեսպան՝ Ֆարահ Պրիին հետ:
Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկ. դեսպանին Տոհայի հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան ու օժանդակութեան համար, յատկապէս Լիբանանեան վարժարանէն ներս հայկական Մեսրոպեան Միօրեայ վարժարանի գործունէութեան ու անոր կարեւոր դերակատարութեան համար համայնքի կեանքէն ներս:
Ինչպէս նաեւ Սրբազան հայրը տեղեկացուց թեմի եւ համայնքի ապագայի ծրագիրներուն եւ գործունէութեան մասին։ Տիկ. դեսպանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան հօր եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան, յայտնելով դեսպանատան մնայուն աջակցութիւնը Տոհայի հայ համայնքին, նորին գերազանցութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց օգտակար դառնալու համայնքի բոլոր կարիքներուն։
Հանդիպման աւարտին, Սրբազան հայրը առաջարկեց Տիկ. դեսպանին, որ Լիբանան այցելութեան ընթացքին այցելէ Կաթողիկոսարան եւ հանդիպում ունենայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, մօտէն ճանչնալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ լայնածաւալ գործունէութեան եւ հոգեւոր առաքելութեան դաշտը: Այս առումով Սրբազան հայրը Վեհափառ Հայրապետի երկու տարբեր լեզուներով անգլերէն եւ արաբերէն հատորներէն նուիրեց Տիկ. դեսպանին «Armenian Chruch from Cilicia to Anteliac»,«The Armenian Church»։
Նոյն օրը Սրբազան հայրը ընկերակցութեամբ Ազգային Գործադիր Մարմինի եւ կարգ մը ազգայիններու, այցելեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ դեսպան՝ Պրն. Արմէն Սարգիսեանի հետ:
Սոյն մտերմիկ հանդիպման ընթացքին կարգ մը հարցեր քննարկուեցան: Այս առիթով Սրբազան հայրը, Պրն. դեսպանին յայտնեց, որ եկող տարեշրջանին թեմէն ներս Երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի կազմակերպուին եւ նոր Ազգային Գործադիր Մարմին պիտի նշանակուի: Ինչպէս նաեւ յայտնեց թեմի ընդհանուր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մասին, շեշտելով թէ մեր թեմէն ներս գտնուող Հայաստանի դեսպանատուները մեր ժողովուրդին համար հայրենիքը կը ներկայացնեն, որոնք միշտ պատրաստ են զօրակցելու եւ գործակցելու:
Պրն. դեսպանը իր կարգին եւս ողջունեց Սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները իրենց տուած այցելութեան համար, մատնանշելով թէ դեսպանատունը իր կատարեալ եւ ամբողջական պատրաստակամութիւնը ցուցաբերած է զօրակցելու Տոհայի հայ համայնքին:
