Օրերս Իտլաիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Սրբոց Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը։
Տօնական առիթին համար Միլանո ժամանած է եւ եպիսկոպոսական պատարագ մատուցած է Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Այս մասին կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայաուցիչի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Մարտի 19-ին Միլանի Սբ. Քառասուն Մանկունք եկեղեցին տօնախմբեց իր անուանակոչութեան օրը։ Օրուայ Սբ․ Պատարագը մատուցեց Գերշ․ Տ․ Խաժակ արք. Պարսամեանը, ընկերակցութեամբ Իտալիոյ հայոց հոգեւոր հովիւ Հոգշ․ Տ․ Ներսէս աբղ. Յարութիւնեանի։
Սբ․ Պատարագից յետոյ Միլանի «Հայ տուն» մշակութային հաստատութեան մեջ տեղի ունեցաւ Միջինքին նուիրուած ճաշկերոյթ՝ Սրբազան Հօր բարձր նախագահութեամբ, ուր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան խորհրդի ատենապետ պարոն Սարօ Խոտավերտին յանուն Միլանի հայ համայնքի՝ շնորհակալութեան խօսք հնչեցրեց տօնական պատրաստութիւնը հոգացող բոլոր անձանց, մասնաւորապես կամաւոր կերպով մեծ աշխատանքներ տարած տիկնանց, ինչպես նաեւ Սրբազան Հօր՝ իր պատուող ներկայութեան եւ հոգեշահ օրհնութեան համար։
Ճաշկերոյթի աւարտին Խաժակ Սրբազանի նախագահութեամբ և Հայր Ներսէսի մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձության խորհուրդի ժողովը, ուր մշակուեց ընթացիկ տարուայ համար ռազմավարութիւնը եւ քննարկուեցին յառաջիկայ ծրագրերը։