Ուքրանիոյ արեւելքը գտնուող ռուսամէտ կազմաւորումները ճանչնալու Մոսկուայի որոշման լոյսին տակ, Գերմանիան կը յայտարարէ «Հիւսիսային հոսք 2» կազատարի շահագործումը սառեցնելու մասին: Այդ մասին յայտնած է վարչապետ Օլաֆ Շոլց:
«Մենք պէտք է վերագնահատենք իրավիճակը, մասնաւորապէս` «Հիւսիսային հոսք 2»-ի հետ կապուած», ըսած է Շոլց` յաւելելով, որ Տնտեսութեան նախարարութիւնը կրկին պիտի անդրադառնայ հաւաստագրման գործընթացին` հաշուի առնելով Ռուսաստանի գործողութիւնները:
Գերմանական կառավարութեան ղեկավարին խօսքով` հաւաստագրումը թեքնիք, բայց միեւնոյն ժամանակ իրաւական քայլ է, առանց որուն՝ կազատարը չի կրնար շահագործման յանձնուիլ:
«Հիւսիսային հոսք 2» կազատարը նախատեսուած է երկու զուգահեռ խողովակաշարերով ռուսական կազը Պալթիկ ծովով Գերմանիա հասցնելու համար` շրջանցելով Ուքրանիան եւ շարք մը այլ երկիրներ:
Ընդդիմախօսները կը պնդեն, որ այս նախագիծը պիտի մեծցնէ Գերմանիոյ կախուածութիւնը ռուսաստանեան ուժանիւթակիրներէն` Պերլինը դարձնելով հանդուրժող Մոսկուայի քաղաքականութեան նկատմամբ: