Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն այցելած է «Երեւան-Կենտրոն» Քրէակատարողական Հիմնարկ (ՔԿՀ) եւ տեսակցած Տ․ Միքայէլ արք. Աջապահեանի հետ:
«Այո՛, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Տ․ Նաթան արք․ Յովհաննիսեանի, Տ․ Արշակ արք․ Խաչատրեանի ու Տ․ Մուշեղ եպս․ Բաբայեանի ուղեկցութեամբ այցելել է «Երեւան-Կենտրոն» ՔԿՀ եւ տեսակցել Տ․Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանին»,- «Ազատութեան» հարցման ի պատասխան ըսած է տէր Եսայի:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Վեհափառը ժամանակին ցանկութիւն յայտնած է այցելելու Միքայէլ եւ Բագրատ Սրբազաններուն, ինչպէս նաեւ Սամուէլ Կարապետեանին, սակայն մերժում ստացած է։
«Մայր Աթոռը խստօրէն դատապարտում է վերջիններիս նկատմամբ իրականացուող ապօրինի գործողութիւնները եւ պատուիրուած դատավարական գործընթացները»։