Արցախը նոյնպէս միացած է թանգարաններու օրուայ միջոցառումներուն, սակայն արդէն երեք տարիէ ի վեր՝ Արցախի մէջ նոյն խանդավառութեամբ չի նշուիր տօնը, այնպէս ինչպէս՝ 44-օրեայ պատերազմէն առաջ: Մինչ այդ, Արցախը նոյնպէս կը միանար «Թանգարանային գիշեր» համաեւրոպական միջոցառումին եւ Ստեփանակերտի, Շուշիի, Քարվաճառի, Հադրութի եւ միւս քաղաքներուն մէջ մինչեւ կէսգիշեր հին ու նոր թանգարանները իրենց դռները անվճար կը բանային այցելուներուն առջեւ: Այսօր թանգարաններ մնացած են գրեթէ միայն Ստեփանակերտի մէջ, իսկ կորսուած թանգարաններու աշխատակիցները նոր կառոյցներ ստեղծած են՝ իրենց թանգարաններու անուններով, սակայն՝ առանց ցուցանմոյշներու:
Այսօր թանգարաններու միջազգային օրն է: 1977 թուականին Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի մէջ ընդգրկուած երկիրներէն Ռուսաստանը առաջարկեց մայիսի 18-ը դարձնել թանգարաններու համար տօն եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին ամէն տարի նշանաւորել զայն: 1978 թուականէն սկսեալ այս օրը կը նշուի աշխարհի աւելի քան 150 երկրի մէջ, այդ կարգին՝ Հայաստան:
Արցախը նոյնպէս միացած է թանգարաններու օրուայ միջոցառումներուն, սակայն արդէն երեք տարիէ ի վեր՝ Արցախի մէջ նոյն խանդավառութեամբ չի նշուիր տօնը, այնպէս ինչպէս՝ 44-օրեայ պատերազմէն առաջ: Մինչ այդ, Արցախը նոյնպէս կը միանար «Թանգարանային գիշեր» համաեւրոպական միջոցառումին եւ Ստեփանակերտի, Շուշիի, Քարվաճառի, Հադրութի եւ միւս քաղաքներուն մէջ մինչեւ կէսգիշեր հին ու նոր թանգարանները իրենց դռները անվճար կը բանային այցելուներուն առջեւ: Այսօր թանգարաններ մնացած են գրեթէ միայն Ստեփանակերտի մէջ, իսկ կորսուած թանգարաններու աշխատակիցները նոր կառոյցներ ստեղծած են՝ իրենց թանգարաններու անուններով, սակայն՝ առանց ցուցանմոյշներու:
Արցախի թանգարաններէն 12-ը՝ իրենց բազմահազար ցուցանմոյշներով, 2020-էն ետք անցած են Ատրպէյճանին: Այդ թանգարաններու մէջ կը պահուէին անգին գանձեր, որոնց մէկ մասը Արցախի մշակոյթի եւ պետական գործիչներու, բարերարներու, նուիրատուներու ուժերով հաւաքուած էր տակաւին Արցախի անկախութենէն առաջ եւ համալրուած անկախութեան տարիներուն:
Թանգարաններէն զատ, Արցախի կորսուած տարածքներուն մէջ մնացած է 127 գրադարան, մէկ մասը՝ դպրոցական գրադարաններ, իսկ միւսները՝ Շուշիի, Հադրութի եւ միւս բնակավայրերու հանրային գրադարաններն են՝ հայերէն գիրքերու եւ լրագիրներու հարուստ հաւաքածոներով: Սահմանէն անդին մնացած են նաեւ 1456 նշանաւոր անշարժ յուշարձաններ, որոնց մէջ՝ 161 վանք եւ եկեղեցի, 591 խաչքար, Տիգրանակերտի, Ազոխի, Նոր Կարմիրաւանի, Միրիկի, Կերենի հնավայրերն ու բազմաթիւ բերդեր, ամրոցներ, սրբավայրեր եւ այլ կոթողներ:
Ատրպէյճանին անցած թանգարաններու հիմնական մասը Շուշիի մէջ էին: Շուշիի թանգարաններէն հնարաւոր եղած է հանել միայն քչաթիւ նմոյշներ, այն ալ՝ անհատներու ջանքերով: Սահմանէն այն կողմ մնացած թանգարաններէն 10-ը պետական էր, միւս 2-ը՝ մասնաւոր: Անոնց գլխաւոր եւ օժանդակ պահոցներու մէջ ներառուած էին 20 հազար 345 ցուցանմոյշ:
Եւ ահաւասիկ, երբ այսօր աշխարհի մէջ կը նշուի թանգարաններու միջազգային օրը՝ «Թանգարաններ, կայունութիւն եւ բարեկեցութիւն» ակնառու խորագրով, ոչ ոք կը խօսի գրաւուած թանգարաններու մասին: Աւելին՝ այդ թանգարաններու ցուցանմոյշները կ՚ենթարկուին կողոպուտի եւ որոշ պարագաներու՝ նաեւ ոչնչացման: Ատրպէյճան, դիտաւորեալ կը թիրախաւորէ հայկական մշակութային հետք կրող յուշարձաններ եւ անոնց մէջ պահուող քրիստոնէական, հայկական ազգային բովանդակութիւն ունեցող իրերը: Համաեւրոպական մակարդակով նշուող թանգարանային օրը կ՚անցնի կեղծ կարգախօսներով, ոլորտի միջազգային պատասխանատուներ միայն ձեւական դատապարտումներ կը կատարեն ու այդպէսով աւարտած կը համարեն իրենց գործը:
Ատրպէյճանի տարածք անցած բնակավայրերու մէջ մնացած թանգարաններէն միայն երկուքի նմոյշները պատերազմի օրերուն փրկուած են: Մէկը Շուշիի գորգերու թանգարանն է՝ հիմնուած 2011 թուականին եւ բացուած 2013-ին՝ արցախցի հաւաքորդ Վարդան Ասծատրեանի ջանքերով: Ասծատրեան թանկարժէք գորգերը ազատած է պատերազմի օրերուն, սակայն շէնքին մէջ տակաւին մնացած են գորգեր, կարպետներ, հաստոցներ եւ հնագիտական արժէք ներկայացնող իրեր, որոնք հնարաւոր չէ եղած տարհանել: Փրկուած եւ Հայաստան հասած գորգերն ալ մինչեւ այսօր չունին տարածք եւ կը թափառին վայրէ վայր:
Շուշիէն փրկուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան աջակցութեամբ 2018 թուականին բացուած Դրամի թանգարանը, որ կարճ ժամանակի ընթացքին դարձած էր զբօսաշրջիկներու եւ տեղացիներու այցելութեան սիրուած վայրերէն մէկը, բայց ընդամէնը երկու տարի տեւեց անոր գոյութիւնը հայկական Շուշիի մէջ: Թանգարանին մէջ հաւաքուած հայկական մետաղադրամներու մեծ հաւաքածոն՝ նախքան Քրիստոս 3-րդ դարով թուագրուող հին հայկական դրամներէն մինչեւ ժամանակակից շրջանառու մետաղադրամներն ու յուշադրամները կարելի եղած է ազատել: Այդ հաւաքածոյի մէջ են հին հայկական` Ծոփքի Հայոց թագաւորութեան, Արտաշէսեան հարստութեան՝ Տիգրան Մեծի, Արտաւազդ Բ.-ի, Կիլիկեան Հայաստանի, ռուսական կայսրութեան եւ խորհրդային ժամանակաշրջաններու մետաղադրամներ ու թղթադրամներ։
Թանգարանին մէջ առանձնայատուկ տեղ տրուած էր Արցախին նուիրուած ցուցադրութեան, կը ցուցադրուէին Տիգրանակերտ քաղաքէն յայտնաբերուած մետաղադրամները, Շուշի քաղաքին մէջ 18-րդ դարու վերջին եւ 19-րդ դարասկիզբին գործած դրամահատարանին մէջ հատուած արծաթեայ մետաղադրամներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ զանազան տարիներու թողարկուած յուշադրամներ` նուիրուած Արցախին։
Պատերազմին մեծ կորուստ կրած է Արցախի կերպարուեստի ոլորտը: Շուշիի մէջ պահուող կերպարուեստի գլուխ գործոցները մնացած են ատրպէյճանցիներուն:
Պատերազմէն մէկ տարի ետք պաշտօնական Ստեփանակերտը Պաքուին առաջարկած է իր քով գտնուող ատրպէյճանական կերպարուեստի կտաւները փոխանակել Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ մնացած նկարներուն հետ, սակայն ոչ մէկ արձագանգ ստացած է: Արցախեան առաջին պատերազմէն յետոյ հայկական կողմի տիրապետութեան տակ անցած է ատրպէյճանական արուեստին պատկանող 40 գեղանկար: Երեսուն տարի ատրպէյճանական կողմը չէ հետաքրքրուած անոնց ճակատագրով, չէ փորձած ետ վերադարձնել զանոնք: Եւ երբ Շուշիի պատկերասրահը այս պատերազմին անցած է իրենց, հայկական կողմը յիշեցուցած է ատրպէյճանական այդ գործերուն մասին եւ կը ջանայ փոխանակել: Իսկ Շուշիի մէջ մնացած իւղանկարներու, քանդակներու մէջ են Մարտիրոս Սարեանի, Ժան Գառզուի, Ժանսէմի, Մինասի, Կալենցի, Նիկողոս Նիկողոսեանի, Էտկար Շահինի եւ հայ ու համաշխարհային արուեստի ուրիշ ներկայացուցիչներու գործեր: Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանը բացուած էր 2013 թուականին եւ Շուշիի գոյներէն մէկն էր: Շուշիին առանձնայատուկ հմայք կու տային նաեւ միւս թանգարանները՝ Շուշի քաղաքի պատմութեան, երկրաբանութեան պետական թանգարանները, քաղաքի քանդակի միջազգային պուրակը, ուր տեղադրուած էին քանդակի բացառիկ նմոյշներ: Շուշիի մէջ կը գործէին Նարեկացի Արուեստի միութիւնը, արուեստագէտներ Սամուէլ Թաւադեանի, Արտակ Պօղոսեանի, Դաւիթ Աւագիմեանի ցուցասրահ-արուեստանոցները, որոնց մէջ նոյնպէս բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ կային:
Թանգարաններէն ամէն մէկը եզակի էր իր հաւաքածոներով: Երկրաբանութեան թանգարանի պահոցին մէջ, օրինակ, եղած է 480 անուն հանքաքար եւ օրկանական բրածոյ մնացորդներ: Թանգարանի հաւաքածոյի մէջ ներառուած էին հանքաքարեր՝ աշխարհի 47 երկիրներէ։ Ատոնց մէջ կային հնագոյն ցուցանմոյշներ, Արցախի տարածքին յայտնաբերուած հանքաքարերէն ամենահինը 146 միլիոն տարեկան է: Այս թանգարանը կը նկատուէր Կովկասի երկրաբանութեան ամենէն մեծ թանգարաններէն մէկը:
Ամենաշատ ցուցանմոյշները եղած են Շուշիի Պատմութեան թանգարանին մէջ: Հոս ցուցադրուած էին Շուշի հնագոյն քաղաք-ամրոցի բազմադարեան անցեալը լուսաբանող իրեր՝ սկսած հնագոյն շրջանէն: Հաւաքածոյի մէջ ներառուած էին Շուշիի պեղումներու արդիւնքին յայտնաբերուած գտածոներ, քաղաքի կենցաղը պատկերող իրեր, սրահներէն մէկուն մէջ մեծահարուստ բարերար Թադէոս Թամիրեանցի տան կահաւորանքն էր, կային զանազան գորգեր, արծաթեայ զարդեր, կահ-կարասի, Շուշիի մէջ տպուած հնագոյն թերթեր ու գիրքեր... Շուշիի Պատմութեան թանգարանը տեղակայուած էր հին առանձնատան մը մէջ, որ 19-րդ դարու սկիզբին պատկանած է փոխ-գնդապետ Եսայի Ղարամեանցին: Ամառ թէ ձմեռ այս թանգարանը միշտ այցելու ունեցած է:
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ԵԶԱԿԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ
Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած եզակի պատմական կառոյցներէն է Տիգրանակերտը՝ Մարտակերտի շրջանի հարաւ-արեւելեան հատուածին վրայ յայտնաբերուած Տիգրան Մեծ արքայի կառուցած քաղաքներէն մէկը։
2006 թուականի ամրան Հայաստանի լրատուական միջոցները ամբողջ աշխարհին յայտարարեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հնագոյն քաղաք գտնուած է: Քաղաքը յայտնաբերուած է 2005 թուականին, սակայն անոր մասին յայտարարուած է միայն տարի մը վերջ։ Հայ հնագէտներու բացայայտածը իր նշանակութեամբ պատմական մեծ արժէք ներկայացնող հին հելլէնական քաղաք մըն է, որուն մասին շատ խօսուած է պատմական բազմաթիւ աղբիւրներու մէջ. մասնաւորապէս, որ ան կառուցած է Տիգրան Մեծ հայոց արքան՝ նախքան Քրիստոս Ա. դարուն, ան գոյութիւն ունեցած է մինչեւ 14-րդ դարը եւ մօտաւորապէս կը գտնուի Արցախի տարածքին հոսող Խաչեն գետի (Խաչենագետի) մօտակայքին։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճաառի Արցախի արշաւախումբին վիճակած էր Տիգրանակերտի տեղը ճշգրտօրէն գտնելու բախտը։ Գիտնականներու Արցախի արշաւախումբը երկար տարիներ պեղումներ կատարած է եւ յայտնաբերուած շատ իրեր, որոնց վերաբերող պատմական ու գիտական տեղեկութիւնները աշխարհին ներկայացնելու համար 2010 թուականին Արցախի մէջ բացուած է Տիգրանակերտի հնագիտական թանգարանը: Եզակի այս թանգարանը տարեկան 30-35 հազար այցելու կ՚ունենար։ Ըստ տուեալներու, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ այս այցելութիւններուն թիւը ամենէն շատն էր։ Հակառակ անոր, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ամէն գնով կը խոչընդոտէին Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացումը, մասնաւորապէս մուտքի արտօնութիւն չտրամադրելով այն երկիրներու քաղաքացիներուն, որոնք մուտք կը գործէին Արցախ, Տիգրանակերտի թանգարանի այցելուներուն թիւը կը մնար անփոփոխ:
Պեղումներու միջոցով գետնին տակէն հանուած կառոյցները եւ նիւթերը կը վկայեն, որ Տիգրանակերտը եղած է քաղաքաշինական յառաջադէմ յատակագծումով եւ շինարարական նիւթերով ու միջոցներով ստեղծուած ընդարձակ բնակավայր մը, որ յարատեւած է մինչեւ 14-րդ դարը։ Ան ամբողջովին կառուցած են տեղական ճերմակ կրաքարէ, փռուած է լերան լանջն ի վեր ստորոտի հարթավայրին մէջ, ունեցած է հզօր պարիսպներ, ժայռափոր ջրանցքներ։ Տիգրանակերտը այգիներու մէջ թաղուած ճերմակ գեղեցիկ քաղաք մը եղած է, եւ անոր դիրքը կը վկայէ, որ Տիգրան Մեծը զայն կառուցել տուած է պաշտպանական նպատակներով, իսկ իբրեւ վայր ընտրած է առատ աղբիւրներու ամենէն առատ ակունքները։ Ժամանակին բազմաթիւ ազգերէ կազմուած քաղաք էր Տիգրանակերտը՝ հելլէնական մշակոյթի նկատելի հետքերով։ Քաղաքը զարգացած կենցաղ ունեցած է, առեւտրային, ինչպէս նաեւ՝ մշակութային հարուստ կեանք։ Անոր վկայութիւնը հայ հնագէտներու գտած իրերն են՝ պնակներ, կենցաղային իրեր, գունաւոր ապակիներ, սպասք, թեւնոցներ, ինչպէս նաեւ 600 լիթր տարողութեամբ գինիի հսկայական կարասը՝ օձապատկերով։
Թանգարանը բացուեցաւ, որպէսզի ան ալ իր կարգին նպաստէ Տիգրանակերտի հանրահռչակման, եզակի այս պատմական յուշարձանի համբաւի տարածման։ Հնագիտական թանգարանը կը գործէր յուշարձանի տարածքին գտնուող 18-րդ դարու ամրոցի մը մէջ։ Ունէր երեք սրահ, ուր կը ցուցադրուէին նախաքրիստոնէական ու վաղ քրիստոնէական շրջանին վերաբերող գտածոները, անոնց մէջ էր 5-րդ եւ 6-րդ դարերուն վերագրուող 8 սմ. տրամագիծով կաւէ սկաւառակը, որու մէկ երեսին՝ շրջանակի մէջ, փորագրուած է հաւասարաթեւ խաչ, իսկ միւսին՝ տղամարդու դիմապատկեր՝ հայերէն արձանագրութեամբ։ Մասնագէտներ կը վկայեն, որ այն Արցախի տարածքին յայտնաբերուած ամենէն հին հայերէն արձանագրութիւնը կը նկատուի այսօր։ Այժմ թէ՛ պեղումներով բացուած քաղաքը, թէ՛ թանգարանը, իր բացառիկ նմոյշներով արդէն Ատրճէյճանի հսկողութեան տակ է: Ցաւօք, հայ ուսումնասիրողներուն մինչ այսօր յայտնի չէ ոչ մէկ թանգարանի հաւաքածոյի ճակատագիրը: Ակնյայտ է մէկ բան՝ միջազգային հանրութեան լուռ համաձայնութեան ներքոյ Ատրպէյճան կը ջանայ ջնջել հայկական հետքերը բոլոր կառոյցներու վրայէն եւ անոր փոխարէն դրոշմել աղուանական կնիք… Աղուանականացումը պետական մակարդակով որդեգրուած քաղաքականութիւն դարձած է այսօր այնտեղ: Ժամանակ առ ժամանակ Ատրպէյճանը յայտարարութիւններ կը կատարէ նաեւ հնագոյն Դադիվանքի վերաբերեալ՝ զայն նկատելով աղուանական:
Հայ յուշարձանագէտները, պատմաբանները եւ միւս մասնագէտները յոյս ունին, որ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական հոգեւոր-մշակութային յուշարձանները կարելի պիտի ըլլայ պահպանել ուրիշ տարբերակով, եթէ միջազգային փորձագէտներէ կազմուած խումբերը պարբերաբար դիտարկումներ կատարեն այդ տարածքներուն մէջ: Հայ մասնագէտները նամակներ յղած են յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային խորհուրդ, ԻՒՆԷՍՔՕ եւ Եւրոպայի խորհուրդ, խնդրելով կազմել յանձնախումբեր, որոնք հետեւին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական կոթողներուն, թանգարաններուն եւ անոնց մէջ եղած հսկայական ցուցանմոյշներուն, որոնք մեր պատմութեան վկաներն են: Առայժմ նկատելի քայլեր չեն կատարուած: Եթէ երկու տարի առաջ կը խօսէին մշակութային, կրօնական, պատմական կոթողներու անորոշ ճակատագրի մասին, այսօր արդէն անորոշ է ողջ Արցախի ճակատագիրը…
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս