Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը ըսած է, որ «Պաքուի համար անընդունելի է հայ-ատրպէյճանական սահմանէն զօրքերը դուրս բերելու Երեւանի առաջարկը»:
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը սահմանազատուած չէ: Նման պայմաններու մէջ, եթէ դուրս բերուին զօրքերը, ո՞ւր են երաշխիքները, որ այդ դիրքերը չի զբաղցներ միւս կողմը։ Հայաստանի այս առաջարկն անընդունելի է Ատրպէյճանի համար»,- Պաքուի մէջ թուրք գործընկեր Հաքան Ֆիտանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Ճէյհուն Պայրամովը։
Ան նշած է, որ «այսօր ատրպէյճանական զինուժն իր տարածքին մէջ է եւ կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի սահմանները»:
«Մեր դիրքորոշումն այն է, որ Ատրպէյճանի սահմանները պէտք է պաշտպանուին բացառապէս ատրպէյճանցի զինուորականներու կողմէ։ Սա մեր ինքնիշխան իրաւունքն է։ Կոչ կ՚ընենք Հայաստանին կառուցողական արձագանգելու մեր առաջարկին, այդ պարագային իրավիճակը կրնայ զարգանալ դրական ուղղութեամբ»,- ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:
Ճէյհուն Պայրամովի խօսքով՝ Պաքուն շուտով պիտի պատասխանէ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի վերաբերեալ Երեւանի մեկնաբանութիւններուն։