Օրերս Գանատայի Քէպէք քաղաքի Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասման նահատակներու ոգեկոչման միջոցառման, ի շարս այլ պաշտօնական հիւրերու ներկայ գտնուած է նաեւ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոս Լեւոն Աֆէեան։
«Արեւելք» եղելութեան մասին իմացաւ Տիար Լեւոն Աֆէյեանի դիմատետրեան գրառումէն։
Ստորեւ այդ գրառումը՝
Օրերս ներկայ գտնուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ ամեակի ոգեկոչման, որ տեղի ունեցաւ Քէպէքի Ազգային ժողովէն ներս։
Միջոցառման ժամանակ իւրաքանչիւր կուսակցութեան ներկայացուցիչ հանդէս եկաւ Հայկական հարցին զօրակցութեան հաստատ յայտարարութիւններով: Մեր համայնքը շատ հպարտ է, որ Գանատայի Ազգային ժողովին մաս կը կազմեն հայկական ծագում ունեցող երեք անդամներ՝ Միշէլ Սթէլաքուէ (Սարաֆեան), Սէլին Հայթայեան եւ Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ։