Մեր երկրին մէջ կայ ընկերային լուրջ դժգոհութիւններու ալիք, եւ այն կը պահանջէ համարժէք արձագանգ։ Եթէ չըլլայ համարժէք արձագանգ, գործընթացը կրնայ տանիլ ներքին լուրջ անկայունութեան։ Այս մասին ըսած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ, գործարար Գագիկ Ծառուկեանը՝ հարցազրոյց տալով Hayastan.news-ին։ Ան խօսած է շրջհարկի, գոյքահարկի, աղբահանութեան վճարի բարձրացման եւ բողոքի ալիք ծնող այլ ընկերային խնդիրներու մասին։
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդը նշած է, որ բողոքի ցոյցերը միայն Երեւանի մէջ չեն, ատոնք Հայաստանի տարբեր անկիւններու մէջ են։ Եւ խնդիրներն ալ միայն Երեւանի սահմաններուն մէջ չեն։ Ատոնք կը վերաբերին նաեււ 4 անգամ թանկացող գոյքահարկին, աղբահանութեան վճարներու էական բարձրացման, մարզերուն մէջ կենդանիներու մորթի եւ միսի վաճառքի գործընթացին, եւ ընդհանրապէս պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու՝ մեր քաղաքացիներու նկատմամբ վերաբերմունքին:
«Կեանքը ցոյց է տալիս, որ փոփոխութիւնները լաւ հաշուարկուած չեն, ունեն մշակման, աւելի խորքային ուսումնասիրութեան կարիք։ Հետեւաբար, կարծում եմ, դրանք պէտք է ժամանակաւորապէս սառեցնել, խօսել մասնագէտների հետ, շահառուների հետ։ Չի կարելի անունը դնել «բարեփոխում», երբ այդ ոլորտի բոլոր շահառուները տուժում են։ Այդպիսի բարեփոխում չի լինում։ Այսպէս լարուածութիւնը չի հանգստանալու»,–ընդգծած է Ծառուկեանը։
Ան իշխանութեան խորհուրդ տուած է նման փոփոխութիւններ սկսելէ առաջ խօսիլ այդ ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ։ Յիշեցուցած է` ուժային մեթոտներով, առանց քննարկումներու, «եկանք-մենք մերոնցով քուէարկեցինք» տարբերակը չաշխատիր։
«Զուտ՝ մարդկայնօրէն, ես կարող եմ առաջարկել`աւելի լաւ է խոշոր բիզնեսին աւելի նեղել, աւելի շատ հարկել, բայց հանգիստ թողնել շրջահարկով աշխատող մարդկանց։ Խոշորները 2-3 հազարն են, փոքր եւ միջինները՝ 60-70 հազար տնտեսվարող։ Ինչո՞ւ տարիներ առաջ կիրառուեց շրջանառութեան հարկը: Պատասխանը միակն էր՝ խթանելու համար փոքր եւ միջին բիզնեսը: Հիմա, եթէ մենք ուզում ենք հրաժարուել նրանց խրախուսելու մտքից, պէտք է այդպէս էլ ասենք»,–ըսած է Ծառուկեանը:
Անոր կարծիքով` ժողովուրդի եւ ձեռնարկութիւններու հետ կարելի չէ փորձարկումներ ընել։ Փոքր, միջին ձեռնարկութիւնները պետութեան կարեւոր յենասիւներն են։ Ձեռնարկութեան այդ շերտը եթէ քանդուի, հետեւանքները պիտի ըլլան աղէտալի։
Նշենք, որ փոփոխութիւններու հետեւանքով շրջանառութեան հարկը առեւտուրի կառոյցներու համար կը սահմանուի 10 տոկոս, արտադրութեան պարագային` 7 տոկոս, հանրային սնունդի պարագային` 12 տոկոս։ Այս փոփոխութիւնը բողոքի ալիք բարձրացուցած է ՀՀ–ի մէջ։