image

Գագիկ Ջհանկիրեանը հիւանդանոց փոխադրուած է եւ պիտի վիրահատուի

Գագիկ Ջհանկիրեանը հիւանդանոց փոխադրուած է եւ պիտի վիրահատուի

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Գագիկ Ջհանկիրեանը հիւանդանոց փոխադրուած է: 

ԲԴԽ մամուլի խօսնակ Լիլիթ Շապոյեանը հաստատեց այս տեղեկութիւնը:

«Նա հետազօտման եւ բուժման փուլում է, որի շրջանակներում բժիշկները կ'որոշեն, թէ, ըստ անհրաժեշտութեան, երբ կը վիրահատեն», նշեց խօսնակը` յաւելելով, որ այլ մանրամասնութիւններ չի կրնար փոխանցել:

Նշենք, որ ՀՀ Ազգային ժողովը կը քննարկէ Վճռաբեկ դատարանի դատաւորներու թեկնածուներու հարցը, եւ երեք թեկնածու կը ներկայացնէ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ Դաւիթ Խաչատրեանը, մինչդեռ այդ պէտք է ընէր ԲԴԽ նախագահը. Խաչատրեանը ժամանակաւորապէս պիտի փոխարինէ Ջհանկիրեանին: