image

Ֆրեզնոյի մէջ. Պիտի ներկայացուի Էլիս Սեմերճեանի «Մնացորդաց» նորատիպը

Ֆրեզնոյի մէջ. Պիտի ներկայացուի Էլիս Սեմերճեանի «Մնացորդաց» նորատիպը

Ֆրեզնոյի մէջ պիտի ներկայացուի Դոկտ. Էլիս Սեմերճեանի 2023ին լոյս տեսած՝ Remnants: Embodied Archives of the Armenian Genocide («Մնացորդաց․ Հայոց Ցեղասպանութեան Մարմնացած Արխիւներ») հատորը՝ հեղինակին կողմէ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

25 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին «Սմիթքեմփ» շէնքին մէջ (2625 E. Matoian Way) տեղի պիտի ունենայ դոկտ․ Էլիս Սեմերճեանի 2023ին լոյս տեսած՝ Remnants: Embodied Archives of the Armenian Genocide («Մնացորդաց․ Հայոց Ցեղասպանութեան Մարմնացած Արխիւներ») հատորին ներկայացումը՝ հեղինակին կողմէ։

Դոկտ․ Սեմերճեան «Քլարք» համալսարանի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու «Սթրասլըր» կեդրոնի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսմանց տնօրէնն է, իսկ հատորը առնչութիւն ունի Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ կանանց վրայ դրոշմուած դաջուածքներուն հետ։

Ներկայացումին կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ նաեւ առցանց՝ https://bit.ly/armenianstudiesyoutube հասցէին միջոցաւ։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին https://fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: