Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանին մէջ բացուած է քաղաքի հայութեան պատմութեան նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէս մը՝ «Յուշեր» խորագրով։ Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 27 Օգոստոս։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ 25 Յունիսէն 27 Օգոստոս տեղի պիտի ունենայ քաղաքի հայութեան պատմութեան նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէս մը։
«Յուշեր» խորագրուած ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Ֆրեզնոյի հայութեան կեանքէն 50 տարի առաջ Ռապի Անթոյեանի ոսպնեակով առնուած առաւել քան 300 լուսանկարներ, իսկ ցուցադրութիւնը պիտի հարստանայ յօրինող Ճոզէֆ Պողիկեանի երաժշտութեամբ։
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ 25 Յունիսին, կ. ե. ժամը 3էն 7, իսկ թանգարանին հասցէն է՝ 550 E. Shaw Avenue, Fresno, CA 93710։
Թանգարանը բաց է Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 10էն երեկոյեան ժամը 6. մուտքը ազատ է։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։