Ֆրանսայի մէջ, Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը, հայ համայնքին նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենան յիշատակի միջոցառումներ: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցին ընթացքին, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան նշեց, որ ամէն տարի աւանդոյթի համաձայն Կոմիտասի յուշարձանին մօտ յիշատակի միջոցառում պիտի կայացնեն կառավարութեան, խորհրդարանի, Փարիզի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
«Ապրիլ 24-ին Ֆրանսայի մէջ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլն է: Էմանուէլ Մաքրոնը անցած է երկրորդ փուլ, այդ օրը չի կրնար ներկայ ըլլալ: Հաւանաբար, այլ քայլի պիտի ձեռնարկէ Ապրիլ 24-էն մի քանի օր առաջ: Մենք կ'ակնկալեն, որ մեզի հետ հանդիպումէն զատ, նախագահ Մաքրոնը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը», ըսաւ Մուրատ Փափազեանը:
Ելոյթներու առանցքին պիտի ըլլան Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը, պահանջատիրութիւնը: Մուրատ Փափազեան ընդգծեց, որ Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան հարցը նոյնպէս օրակարգին մէջ է: Ելոյթներէն յետոյ կը նախատեսուի երթ:
Հայորդի երիտասարդաց միութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Ապրիլ 23-ին` ժամը 19:15-ին, Սթրասպուրկ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ջահերով երթ եւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն, ինչպէս նաեւ արցախեան վերջին պատերազմին նահատակուածներուն: Ապրիլ 24-ին` ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակի ոգեկոչման միջոցառում: