Ամբողջ Ֆրանսայի մէջ 380 հազար մարդ դուրս եկած է փողոց՝ ընդդէմ կենսաթոշակային բարեփոխումներու։ Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը, գրած է France24-ը։
Կը հաղորդուի ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախումներու մասին:
Ֆրանսայի մէջ կենսաթոշակային բարեփոխումներու հակառակորդները 12-րդ համազգային գործադուլը կը կատարեն։ Բողոքի ցոյցը տեղի կ'ունենայ Սահմանադրական խորհուրդի՝ իշխանութեան նախագիծի օրինականութիւնը որոշելէն մէկ օր առաջ։ Այն կը նախատեսէ կենսաթոշակային տարիքի բարձրացում 62-էն մինչեւ 64 տարեկան։
Այս հինգշաբթի աշխատանքի խափանումներն ազդած են նաւթավերամշակման, հասարակական փոխադրամիջոցներու, կրթութեան եւ փոսթային ծառայութեան վրայ: Գործադուլը խաթարած է նաեւ օդային հաղորդակցութիւնը։ Կը հաղորդուի, որ թռիչքներու մօտ 20%-ը չեղարկուած կամ յետաձգուած է։