image

Ֆրանսայի մէջ անկարգութիւններ. Մաքրոն, ժամանած է Նոր Քալետոնիա

 Ֆրանսայի մէջ  անկարգութիւններ. Մաքրոն,  ժամանած է Նոր Քալետոնիա

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հինգշաբթի ժամանած է Նոր Քալետոնիա՝ անկախութեան կողմնակիցներու բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ եւ ըսած, որ իր այցի նպատակն է աջակցիլ ժողովուրդին եւ վերականգնել անոնց հանգստութիւնը, հաղորդած է AFP-ն։

«Այստեղ իմ նպատակն է կանգնիլ նախարարներու եւ ողջ կառավարութեան կողքին՝ աջակցելու ժողովուրդին... Ես եկած եմ այստեղ մեծ յարգանքով, խոնարհութեամբ եւ զոհերու մասին միտքերով, ամէն ինչ ընելու վճռականութեամբ՝ հանգստութիւնը վերականգնելու համար», -ըսած է Մաքրոնը լրագրողներուն։

Մաքրոն պէտք է փորձէ երկխօսութեան ուղիներ գտնէ այն բանէն ետք, երբ կղզիի, կուսակցութիւնները հրաժարած են նախագահի եւ վարչապետ Կապրիէլ Աթալի հետ համատեղ տեսակապով ժողով կայացնելու առաջարկէն, իսկ բանակցութիւններու համար Փարիզ գալու առաջարկը անպատասխան մնացած էր:

Ինչպէս յայտնած է Figaro հրատարակութիւնը, իրավիճակը կղզիին մէջ կը շարունակէ լարուած մնալ։ Այրած է երկու դպրոց եւ 300 մեքենայ։ 

Կղզիի մայրաքաղաք Նումեայի օդակայանը կը շարունակէ փակ մնալ կանոնաւոր թռիչքներու համար: Տարածաշրջանի շատ երկիրներ, այդ շարքին՝ Աւստրալիան, Նոր Զելանտան եւ Ճափոնը, կը կազմակերպեն տարհանման թռիչքներ՝ իրենց քաղաքացիները տարհանելու համար։

Նոր Քալետոնիան յատուկ ֆրանսական համայնք է՝ տեղակայուած  Խաղաղ ովկիանոսի հարաւ արեւմուտքը Աւստրալիայէն եւ ֆրանսական մեթրոփոլիթանէն արեւելք։ Վերջին շրջանին այնտեղ զանգուածային անկարգութիւններ են, որու պատճառով Ֆրանսան ստիպուած եղած է զօրքեր մտցնել: Անկարգութիւնները Նոր Քալետոնիայի մէջ դարձած են առնուազն չորս մարդու, այդ շարքին՝ մէկ ոստիկանի մահուան պատճառ։

Ցոյցերու պատճառը Ֆրանսայի խորհրդարանի կայացուցած որոշումն էր, որու համաձայն, ընտրելու իրաւունք ունեցող անձանց շրջանակը Նոր Քալետոնիայի մէջ պիտի ընդլայնուի։ Այսուհետեւ այն պիտի ընդգրկէ նաեւ 1998 թուականէն ետք այստեղ բնակութիւն հաստատած անձանց, որոնց մեծամասնութիւնը էթնիք ֆրանսացիներ են։