Ֆրանսայի ափերուն մօտ փախստականներ տեղափոխող նաւ խորտակուած է՝ առնուազն 27 մարդու մահուան պատճառ դառնալով:
Ֆրանսայի ներքին գործերու նախարար Ժերալտ Տարմանեն մեկնած է դէպքի վայր: Կը նշուի, որ փախստականները մտադիր էին հասնիլ Մեծն Բրիտանիա:
Վերջին շրջանին փախստականներու տարբեր խումբեր կը փորձեն հատել Լա Մանշ նեղուցը ու յայտնուիլ Մեծն Բրիտանիա, ուր անոնք կ'ակնկալեն օգտուիլ գործող ընկերային ծրագրէն, որ անոնց թոյլ պիտի տայ ստանալ փախստականի կարգավիճակ ու ֆինանսական նպաստ: