Ուքրանիոյ իրադրութիւնը կը սպառնայ համաշխարհային պարէնային ճգնաժամ յառաջացնել արդէն այս տարի: Այդ մասին յայտնած է Ֆրանսայի գիւղատնտեսութեան եւ պարէնաւորման նախարար Ժուլիէն Տենորսմանտին: «Միջերկրական ծովի շրջանին մէջ կը գտնուին բազմաթիւ երկիրներ, որոնք կախուած են Ռուսաստանէն եւ Ուքրանիայէն ցորենի արտահանումէն», պարզաբանած է ան:
Անոր խօսքով` ծաւալող իրադարձութիւնները կրնան յանգեցնել գիներու աճի, ինչ որ նաեւ պիտի ազդէ անասնակերի վրայ: Պետութիւններ, ինչպիսիք են Քաթարը, Ռուանտան, Ղրղզստանն ու Եգիպտոսը, 80 տոկոսով կախուած են Ռուսաստանէն՝ ցորենի մատակարարումներէն, մինչ Թուրքիան կախուած Է 70 տոկոսով: Այդ կապակցութեամբ ֆրանսացի քաղաքական գործիչը կոչ ըրած է քայլերու ձեռնարկելու յառաջիկայ մէկուկէս տարուան մէջ պարէնային ճգնաժամէ խուսափելու նպատակով: