Փարիզեան «Նոր Յառաջ»ի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան կը գրէ՝
Յունիս 2-ին, Փարիզեան Հօ-տը-Սէն նահանգի « Seine Musicale » երաժշտական կեդրոնի «Փաթրիք Տեվեճեան» հոյակերտ համերգասրահին մէջ ներկայացուեցաւ երաժիշտ, խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի «Սասունցի Դաւիթի ծնունդը» օրաթորիօն, խմբավարութեամբ՝ Ժան-Փիէր Լօ Ռէ-ի, Սիփան-Կոմիտաս երգչախումբին հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձին առթիւ։
Փառահեղ կատարում մըն էր, հանրութեան քիչ ծանօթ երաժշտական այս ստեղծագորութեան։ Օրաթորիօն կուռ կառոյց ունի, օրհներգերու, խմբերգերու, մեղեդիներու բազմազան ու գունագեղ յօրինումներ, որոնք կ՚ամբողջանան սիմֆոնիք նուագախումբի գործիքային նուագներու ձայնային եզակի կատարումներով եւ որոնց մէջ մենակատարները կը ստեղծեն դրամատիկական կղզեակներ, ներկայացնելու համար ծնունդը Սասունցի Դաւիթին՝ «Սասնայ ծռեր» հայկական ժողովրդական դիւցազներգութեան կարեւորագոյն եւ ամէնէն շատ ճանչցուած հերոսին։ Գործիքային եւ երգային բաժինները ունին բացառիկ ճոխ նուագային եւ ռիթմային խաղեր, որոնք ունկնդիրները կը գրաւեն ու կը փոխադրեն դիցաբանական աշխարհ, ներկայ գտնուելու Սասունցի Դաւիթի ծննդեան արարողութեան։
Պէտք է առաջին հերթին շնորհաւորել կազմակերպիչ յանձնախումբը, ֆրանսական «Օրաթորիօ» երգչախումբն ու նուագախումբը (COFO Chœur et Orchestre Français d'Oratorio), որոնք յաջողած էին ի մի բերել տարբեր հորիզոններէ 250 արուեստագէտներ՝ «Օրաթորիօ» նուագախումբը (խմբավար՝ Ժան-Փիէր Լօ Ռէ), Իլ-տը-Ֆրանսի Մանկական երգչախումբը (խմբավար՝ Ռաֆայէլ Պութիլիյէ), Սիփան-Կոմիտաս երգչախումբը, որ ինչպէս վերեւ ըսինք՝ այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը – 1923–2023, (խմբավար՝ Փաթրիք Սագայեան), եւ Երեւանէն ժամանած «Փարոս» սենեկային երգչախումբը (խմբավար՝ Ռաֆֆի Միքայէլեան)։ Հինգ մենակատարներն էին՝ Առնօ Խաչերեան (պարիթոն), Տայա Տիւրիմել եւ Գաթրին Լոթիէ (մեցցօ սոփրանօ), Թաթիանա Փրոպ (սոփրանօ) եւ Ատամ Պառօ (պաս)։
Սոյն հանդիսութիւնը վայելեց ներկայութիւնը Հայաստանի դեսպանուհի տիկին Յասմիկ Տոլմաջեանի եւ օրաթորիոյի հեղինակ՝ Կարպիս Ափրիկեանի։
Համերգը կը հետապնդէր նաեւ մարդասիրական նպատակ մը. երեկոյթէն գոյացած հասոյթը պիտի յատկացուէր UNISON հայկական ոչ-կառավարական կազմակերպութեան, որ կը զբաղի հաշմանդամ անձերու ներառական ծրագրերով։ Համերգի կնքամայրութիւնը ստանձնած էր ֆրանսական հեռատեսիլի լրագրող Գլօէ Նահապետեան, որ ներկայացուց համերգի յայտագիրը. իսկ կնքահայրութիւնը՝ դաշնակահար, երաժիշտ, ֆրանսահայ համայնքի ծանօթ դէմքերէն Անտրէ Մանուկեան, որ զուգահեռ մը կատարեց ճազի եւ հայկական երաժշտութեան, որոնք երկուքն ալ գաղթականութեան, տարագրութեան եւ արմատախիլ եղած ժողովուրդներու երաժշտութիւններ են։ Դրուագներ պատմեց իր մանկութենէն, յիշելով մեծ մայրը՝ Անոյշը, որու երգած մեղեդիները խոր տպաւորութիւն ձգած են իր վրայ եւ որոնց շնորհիւ հրապուրուած է հայ երգով։
Նախ նուագախումբին եւ երգչախումբերու կատարողութեամբ ներկայացուեցաւ Յովհաննէս Գրիգորեանի «Հայաստան» բանաստեղծութեան հիման վրայ յօրինուած Ժան-Շառլ Կանտրիյի գործը, այնուհետեւ ունկնդիրները շուրջ մէկ ու կէս ժամուան ընթացքին ըմբոշխնեցին մաէսթրօ Ափրիկեանի վակներեան պատմողական ոճով յօրինուած հիանալի օրաթորիօն՝ «Սասունցի Դաւիթի ծնունդը»։
Յիշեցնենք, թէ այս ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ ներկայացուած էր 1994-ին, Սորպոնի մեծ ամփիթատրոնին մէջ, որմէ ետք, երկրորդ անգամ Ալէն Ալթընօղլուի ղեկավարութեամբ, Օփերա Գոմիքի բեմէն 2014-ին։
Հուսկ՝ Ռաֆֆի Միքայէլեանի խմբավարութեամբ դահլիճին մէջ թնդաց այնքան հոգեհարազատ «Երեւան դարձած իմ Էրեբունի»-ն։
Ներկաները յոտնկայս երկարատեւ ծափահարութիւններով ողջունեցին Կարպիս Ափրիկեանն ու բոլոր արուեստագէտները, եւ կէսգիշերուան մօտ գրեթէ դժկամելով հեռացան համերգասրահէն։
Յայտնենք, թէ համերգը յաջորդ օր՝ Յունիս 3-ին ալ ներկայացուեցաւ Փարիզի 9-րդ թաղամասի Թրինիթէ եկեղեցւոյ մէջ։