image

Ֆրանչիսկոս Պապին համար լաւ գիշեր մը Gemelli-ի մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապին համար լաւ գիշեր մը Gemelli-ի մէջ

«Գիշերը լաւ անցած է, այսօր առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ոտքի ելաւ եւ նախաճաշ ըրաւ»: Ասիկա` այսօրուայ՝ 21 փետրուարի Նորին Սրբութեան առողջութեան վերաբերեալ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին թարմացումն է։

 

Իսկ երէկ երեկոյեան նոյն գրասենեակը տեղեկացուցած էր` որ Ֆրանչիսկոս Պապին կլինիկական պայմանները բարելաւման մէջ են։ Նշենք` որ Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Ակոսթինօ Ճեմելլի հիւանդանոց փոխադրուեցաւ ճիշտ մէկ շաբաթ առաջ` անցեալ ուրբաթ օր, 14 Փետրուարին, որոշ հետաքննութիւններու ենթարկուելու համար, ի տես սկզբնական արդիւնքներով ցնցղատապի երեւոյթին, որ սակայն աւելի ուշ յայտնուեցաւ որպէս թոքերու բորբոքում։ Արդարեւ միշտ երէկ երեկոյեան ըստ տեղեկութիւններուն նշուեցաւ` թէ Սրբազան Պապը թոքաբորբի որոշ բռնկումներ ունի, թէեւ կը շարունակէ ինքնուրոյն շնչել եւ անոր սիրտը տակաւին լաւ կը  գործէ։

 

Ապաքինման մաղթանքներ

 

Մինչ այդ կը շարունակուին Նորին Սրբութեան ուղղուած շուտափոյթ ապաքինումի բարի մաղթանքները, որոնց շարքին Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ի ապաքինման բարի մաղթանքները, ուղղուած «սիրեցեալ եղբայր Ֆրանչիսկոսին» ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլային կոչը մնալու միասին, միացած աղօթքի ու աղերսանքի մէջ, «Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան ու բարօրութեան» համար։

 

Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին իր կարգին նշեց, որ Սրբազան Քահանայապետի մասին լուրերը այնպէս կը թուան, որ «անոր առողջական ընթացքը դէպի բարելաւում կ՛ընթանայ» մաղթելով` որ այս մէկը «պատահի արագ կերպով»։

 

Ափրիկէէն եւ Մատակասկարէն

 

Ափրիկէի եւ Մատակասկարի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերը եւս վստահեցուցին իրենց խոր մտահոգութիւնը եւ թախանձագին աղօթքները, ինչպէս նաեւ իրենց հաւատացեալներուն հոգեւոր մօտիկութեան զգացումները։ Պակաս չեղաւ նաեւ Սրբազան Քահանայապետի երբեմնի Թեմ Պուէնըս Այրըսէն ժամանած Թեմին Արքեպիսկոպոս Jorge Ignacio García Cuerva-ի նամակը, որուն մէջ Ան հաւատացեալներուն սէրը կը յայտնէ Սրբազան Քահանայապետին «Աստուծմէ հայցելով, որ անոր ուժ ու առողջութիւն պարգեւէ եւ թիկունք կանգնի այս պահուն»։

 

Լիբանան

 

Լիբանանէն` Մարոնի համայնքի Պատրիարք` Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռային եւս հաստատեց թէ ինք «անձամբ ու հանրային կերպով աղօթած է Ֆրանչիսկոս Պապին համար, որպէսզի Տէրը օգնէ ու բուժէ զԱյն»

 

Պրազիլ եւ Քարայիպեան կղզիներ

 

Պրազիլի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հաւատացեալները հրաւիրած է աղօթելու Սրբազան Պապին առողջութեան համար, իսկ Լատին Ամերիկայի ու Քարայիպեան կղզիներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու Խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Ժէյմ Սփենկլէր` խրախուսած է 22 Փետրուարին նշուող Սուրբ Պետրոսի Գահի տօնին առիթով հայցել Քահանայապետին ապաքինումը. «Տէր Աստուած, քու ծառան Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի համար դարձաւ «Քրիստոսի չարչարանքների վկան»:

 

Իսլամական աշխարհ

 

Եկեղեցական առաջնորդներու ու կառոյցներու կողքին չեն պակսիր նաեւ քաղաքական աշխարհէն Սրբազան Պապին ուղղուած ապաքինումի բարի մաղթանքները, որոնց պէտք է նաեւ աւելցնելով Իսլամ աշխարհէն կրօնական առաջնորդներու մաղթանքները` ինչպէս Լիբանանի Թրիբոլի քաղաքի Միւֆթին, որ այսօր հանդիպում ունեցաւ Կարդինալ Չեռնիի հետ, որ այս օրերուն կը գտնուի Լիբանան։ Ան իր տխրութիւնը յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին առողջական հարցերու մասին ստացած լուրերուն համար, Ամենակալ Աստուծմէ հայցելով, որ զայն բուժէ ու վերականգնէ անոր առողջութիւնը, որպէսզի կարողանայ վերադառնալ Քահանայապետութեան ազնիւ ղեկին, այն ամէնով` որ կը բերէ սիրոյ, զօրակցութեան ու աշխարհի տարբեր հասարակութիւններու վէրքերուն համար բալասանի պատգամ։

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան/vaticannews