Facebook-ը, որ վերանուանուած է Meta, չի փոխեր իր յաւելուածներուն՝ Facebook, Instagram ընկերային ցանցերու եւ WhatsApp մեսենճըրի անուանումները։ Այս մասին յայտարարած է Facebook-ի (այժմ՝ Meta) հիմնադիր Մարք Ցուքերպըրկը։
«Մեր առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը՝ միաւորել մարդիկը։ Մեր յաւելուածները եւ անոնց ապրանքանիշերը չեն փոխուիր: Մենք կը մնանք նոյն ընկերութիւնը, որ արհեստագիտութիւններ կը ստեղծէ՝ ղեկավարուելով մարդոց կարիքներով: Սակայն մեր բոլոր արտադրանքը՝ ներառեալ յաւելուածները, այժմ միաւորուած են ընդհանուր տեսլականով` կեանքի կոչել մեթատիեզերքը: Եւ այժմ ունինք անուանում, որ կ'արտացոլէ մեր կատարածին մասշտաբները», յաւելած է ան: