image

Եւորմիութենէն կոչ՝ ազատ արձակել գերիները

Եւորմիութենէն կոչ՝ ազատ արձակել գերիները

Մենք, մասնաւորապէս, կոչ կ'ընենք խստօրէն պահպանելու հրադադարը, անյապաղ ազատ արձակելու միւս բոլոր գերիները, լիակատար համագործակցելու ականազերծման հարցով եւ թուլցնելու լարուածութիւնը սահմանային շրջաններուն մէջ։

 

Եւրոմիութեան մամուլի խօսնակը յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարի մէկամեակի կապակցութեամբ։

«Այս շաբաթ կը լրանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած զինադադարի համաձայնագրէն յետոյ Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման առաջին տարին։

ԵՄ-ն կը ցաւի այս ռազմական գործողութիւններու ընթացքին հասցուած մարդկային կորուստներուն համար եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն։ Թէեւ ռազմական գործողութիւնները դադրած են, շատ առկախուած հարցեր դեռեւս լուծման կարիք ունին՝ ուղի հարթելու դէպի բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորում։ Մենք, մասնաւորապէս, կոչ կ'ընենք խստօրէն պահպանելու հրադադարը, անյապաղ ազատ արձակելու միւս բոլոր գերիները, լիակատար համագործակցելու ականազերծման հարցով եւ թուլցնելու լարուածութիւնը սահմանային շրջաններուն մէջ։

ԵՄ-ն կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղ եւ բարեկեցիկ Հարաւային Կովկասի խթանման եւ աշխուժօրէն ներգրաւուած է խաղաղաշինութեան ու յետպատերազմական վերականգնման գործընթացներուն մէջ: Մենք կարեւոր դերակատարում ստանձնած ենք գերիներու վերադարձի եւ ականապատ դաշտերու քարտէզներու փոխանցման գործին մէջ։ ԵՄ-ն նաեւ աջակցած է հակամարտութեան ազդակիր բնակչութեան՝ տրամադրելով աւելի քան 17 միլիոն եւրօ մարդասիրական օգնութիւն, ներառեալ ականազերծման եւ վաղ վերականգնման նպատակով:  ԵՄ-ն պատրաստ է նաեւ աջակցելու սահմաններու սահմանագծման եւ սահմանազատման` տրամադրելով տեխնիկական աջակցութիւն, ըստ կողմերու անհրաժեշտութեան, եւ կը խրախուսէ փոխկապակցուածութիւնն ու տնտեսական համագործակցութեան վերաբացումը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ։

Ապագային ընդառաջ՝ համապարփակ կարգաւորումը անհրաժեշտ է աւելի քան երեք տասնամեակ տեւած հակամարտութեան ու տառապանքներուն վերջ դնելու համար։ Այս նպատակին հետամուտ՝  ԵՄ-ն պիտի շարունակէ աշխոյժ կապի մէջ մնալ համապատասխան միջազգային գործընկերներու, մասնաւորապէս՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահների հետ եւ լիովին կ'աջակցի անոնց՝ իրականացնելու իրենց մանտաթը` աշխատանք տանելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ բոլոր չլուծուած խնդիրներու համապարփակ լուծման ուղղութեամբ»: