Հպարտացնող լուրով մը կը փակենք մեր շաբաթը եւ լուրը կը հասնի Ռումանիայէն։
Արդարեւ Եւրոպայի ախոյեանը դարձած մեր հայրենակից Արման Անտրէասեան իր կերտած յաղթանակը ձօնած է իր աւագ եղբօր՝ Տարօն Անտրէասեանին, որ առանձինն կռիւ մղած էր Ատրպէյճանեան բանակի խումբ մը զինուորներու դէմ ու գերի չիյնալու համար վերջին պահուն նռնակ մը պայթեցնելու ճամբով՝ նահատակուած։
Յիշեցնենք, որ Արման Անտրէասեան Պուխարէստի մէջ յաղթած էր վրացի իր մրցակիցին ՝ Ակակի Կեմերտելիձէին եւ դարձած Եւրոպայի ախոյեան, այդպիսով ալ նոր անուն մը դառնալով հայ ըմբիշներու պատուաւոր հարթակին վրայ։