image

Եւրոպան փլուզման վտանգի տակ է. Փեսքով

Եւրոպան փլուզման վտանգի տակ է. Փեսքով

Եւրոպան հիմա փլուզման վտանգի տակ է։ Այս յայտարարութիւնը ըրած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Անոր խօսքը մեջբերած է ՌԻԱ Նովոսթին։

«Այդ պատճառով տարբեր շրջագիծերու մէջ պատմութեան կրկնութիւնն անխուսափելի է»,- ըսած է ան լրագրող Փաւել Զարուպինին՝ մեկնաբանելով Եւրոպայի  մէջ ամերիկեան հրթիռներու տեղակայումը եւ այն, որ նախորդ դիմակայութիւնն աւարտած է ԽՍՀՄ–ի փլուզմամբ։

Փեսքով յիշեցուցած է, որ այսպիսի յարակարծական իրավիճակ միշտ ալ եղած է. Ամերիկան հրթիռներ տեղակայած է Եւրոպայի մէջ, Ռուսիան ալ իրեն ուղղուած հրթիռները դարձուցած է սեփական հրթիռներու համար թիրախ։

«Փարատոքսալ իրավիճակ է․ Ամերիկան կը շարունակէ գումար վաստակիլ, Եւրոպան մեր հրթիռներու թիրախն է, իսկ մեր երկիրը՝ Եւրոպա գտնուող ամերիկեան հրթիռներու թիրախը։ Մենք արդէն անցած ենք այդ։ Այդ ամէնն արդէն եղած է», - ըսած է Փեսքով։

Աւելի վաղ Փենթակոնի մէջ յայտարարած էին, որ Միացեալ Նահանգներ 2026 թուականին Գերմանիոյ մէջ պիտի տեղակայէ հեռահար հարուածային համակարգեր, որոնք զգալիօրէն պիտի գերազանցեն արդէն Եւրոպա գտնուող զէնքերը: Խօսքը մասնաւորապէս SM-6, Tomahawk հրթիռներու եւ «գերձայնային զէնք»ի մասին է։