Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր մայիսի 29-ին այցելած է Սիւնիքի մարզ եւ Գորիսի մէջ հանդիպած է առաքելութեան անձնակազմի հետ։
Առաքելութեան անձնակազմը եղած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին գտնուող Սեւ լիճի տարածքին, ըսուած է Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան X-ի էջին կատարուած գրառման մէջ։
«Առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրը նախօրէին Գորիսի մէջ հանդիպած է Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան անձնակազմի հետ: Խումբը այցելած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին գտնուող Սեւ լիճ։ Մինչ օրս Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնն իրականացուցած է աւելի քան 2300 պարեկութիւն»,- նշուած է գրառման մէջ։