ՀՀ Կառավարութիւնն ընդունած է որոշում, որով կը նախատեսուի նիւթական միջոցներ յատկացնել Սթրազպուրկի մէջ գտնուող Եւրոպայի Խորհրդարանի վարչական շէնքի յարակից տարածքին մէջ յուշարձանի տեղադրման համար։
Հիմնաւորման համաձայն՝ Եւրոպայի խորհուրդի վարչական շէնքի յարակից տարածքին մէջ Հայոց այբուբենի յուշարձանը տեղադրելու համար պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահի հետ: