Նորէն կը յիշեցնում, կը նշեմ եւ կ'արձանագրեմ, որ ցաւօք, 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով, այո, Հայաստանը զրկուած է ռազմական միջոցով արցախցիներու իրաւունքները պաշտպանելու հնարաւորութենէն։ Այս մասին Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան Պետրոս Ղազարեանի հետ հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտուարտ Աղաջանեանը:
«Դրանով է պայմանաւորուած նոյեմբերի 9-ի պայմանագրում ռուս խաղաղապահների մասին կէտը եւ նրանց ներկայութիւնը Արցախում, այլապէս նրանք չէին լինի Արցախում։ Հայաստանը չունի ռազմական ներկայութիւն Արցախում։ Պէտք է շատ յստակ, իրատեսական գնահատենք ռեսուրսները, որ կան սեղանին, խօսքը քաղաքական, դիւանագիտական ռեսուրսների, միջազգային հանրութեան առաւելագոյն ներգրաւուածութեան մասին է»,-ըսած է Աղաջանեան։
Աղաջանեան նշած է, որ այս մասին նաեւ տեղեկացուցած է ամերիկացի քոնկրէսականներու հետ հանդիպման եւ ընդգծած, որ եթէ միջազգային մեքանիզմներ չգործեն Արցախի մէջ, ապա անխուսափելի պիտի ըլլայ էթնիկ զտումը, իսկ լաւագոյն պարագային մասսայական արտագաղթ տեղի պիտի ունենայ:
Աղաջանեանի խօսքով` Թուրքիան իր նպատակներուն մէջ չի փորձեր մոլորեցնել Հայաստանը, իրենց նպատակներուն մէջ շատ ուղիղ են, շատ յստակ, երբ կը յայտարարեն, որ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կը համակարգեն Ատրպէյճանի հետ։
«Սա խնդրայարոյց է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների հնարաւոր զարգացման համար Հայ-թուրքական եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնների մասով Հայաստանը պէտք է ջանք գործադրի միջազգային հանրութեան առաւելագոյն ներկայացուածութիւն ապահովելու համար։ Ազդեցիկ քաղաքական միջնորդի առկայութիւնը շատ կարեւոր է։ Շատ կարեւոր է, որ Հայաստանը զինուի, տարածաշրջանային ուժերի բալանսը (հաւասրակշռութիւնը) վերակագնուի, սակայն դա երկարաժամկէտ գործընթաց է։ Այս պահին մեզ պէտք են քաղաքական լուծումներ, քաղաքական մեծ ազդեցութիւն ունեցող միջնորդներ, որոնք երաշխաւորեն պայմանաւորուածութիւնները»,-ըսած է Աղաջանեան։