image

«Եթէ Ռուսիոյ քաղաքացի է, պիտի պաշտպանենք զինք». Փեսքով՝ Վարդանեանի մասին

«Եթէ  Ռուսիոյ քաղաքացի է,  պիտի պաշտպանենք զինք». Փեսքով՝ Վարդանեանի մասին

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսկոքը տեղեկութիւն չունի, որ Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը ձերբակալուած է Ատրպէյճանի սահմանին՝ Հայաստան մեկնելու փորձի ժամանակ։

«Քրեմլը գիտէ՞, որ Վարդանեանը ձերբակալած են Ատրպէյճանի սահմանին»,- հարց յղած է լրագրողը:

«Ոչ, ճիշդն ըսած, ես նման տեղեկութիւն չունիմ, այս մասին ոչինչ կրնամ ըսել։ Ամէն պարագայի, ան Ռուսիոյ քաղաքացի է, ունի Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացիութիւն, ուստի այս կամ այն կերպ պէտք է տեղեկութիւն ստանանք, եթէ ձերբակալում եղած է։ Սա սովորական գործելաոճ է: Ի հարկէ, մենք պիտի պաշտպանենք անոր իրաւունքները»,-ըսած է Փեսքով:

Լրագրողի նկատառմանն առ այն, որ ժամանակին տեղեկութիւն եղած է, որ ան հրաժարած է Ռուսիոյ քաղաքացիութենէն, Փեսքովն ըսած է.«Ես վստահ չեմ, ուստի չեմ համարձակիր ստոյգ մեկնաբանել... Եթէ ան հրաժարած է Ռուսիոյ քաղաքացիութենէն, ապա այդ այլ հարց է: Չեմ ուզեր սխալ բան յայտարարել, չեմ գիտեր անոր ձերբակալման մասին, չեմ գիտեր՝ ով ձերբակալած է, ունի՞ Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն, թէ ոչ»: