image
Հրատապ լուրեր:

Եթէ Ռուսաստանը հատէ Ուքրանիոյ սահմանը, «Մեծ եօթնեակ»ը պիտի պատասխանէ

Եթէ Ռուսաստանը հատէ Ուքրանիոյ սահմանը, «Մեծ եօթնեակ»ը պիտի պատասխանէ

«Մեծ եօթնեակ»ի երկիրներու եելւմուտքի նախարարները Մոսկուային նախազգուշացուցած են «արագ, միասնական արձագանգով» այն պարագային, եթէ ռուսական բանակը համարձակի ներխուժել Ուքրանիա:

«Տնտեսապէս աւելի զարգացած եօթը երկիրները Գերմանիոյ նախագահութեամբ ընդունած են համատեղ յայտարարութիւն, յստակ նկատել տալով, որ պատրաստ են միասնական եւ շատ արագ արձագանգելու, եթէ ռուսական բանակը հատէ Ուքրանիոյ սահմանը: «Եօթնեակը» հազուադէպ հանդէս կու գայ նմանօրինակ յայտարարութիւններով, սա այն պահն է, երբ անհրաժեշտ է ուղիղ յայտնել մեր դիրքորոշման մասին», ըսած է Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Քրիսթիան Լինտնըր:

Անոր խօսքով, «Մեծ եօթնեակ»ը պիտի շարունակէ սատարել Ուքրանիոյ տնտեսութեան զարգացման եւ ուշադրութեան կեդրոնին պիտի պահէ այդ երկրի ֆինանսական կայունութիւնը:

«Ռուսաստանը պարտաւոր է իմանալ, որ միջազգային օրէնքները խախտելու եւ Ուքրանիոյ վրայ յարձակելու պարագային պիտի ըլլայ արագ ու միասնական արձագանգ», ըսած է Լինտնըր:

«Մեծ եօթնեակ»ը կը սպառնայ հարկ եղած պարագային Ռուսաստանի նկատմամբ սահմանել «աննախադէպ ծանր տնտեսական եւ ֆինանսական պատժամիջոցներ»: