Սուրիոյ առաջին տիկին՝ Ասմա Ասատ երէկ ներկայ եղած է «Հայրենիքի վիրաւորը» («Ժարիհ ալ ուաթան») մարզական խաղերու բացման հանդիսութեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական էջէն։
Սուրիական պատերազմին հետեւանքով վիրաւորուած զինուորներու յատկացուած այս մրցաշարքը նպատակ ունի սուրիական հայրենիքին համար կռուած եւ վիրաւորուած զինուորները ի մի բերել ստեղծելու յոյսի նոր մթնոլորտ մը։
Տիկին Ասմա, որ այս առթիւ ալ զրոյցներ ունեցած է բանակի զինուորներուն ու անոնց ազգականներուն հետ մասնաւորապէս ըսած է, թէ «Հպարտ եմ ձեզմով, հպարտ եմ ձեր յոյսին եւ վճռակամութեան համար»։
Նշենք, որ արիւնալի մարտերէ անցած, պատնէշի վրայ մնացած եւ տարբեր մակարդակի վիրաւորումներ ստացած զինուորներու եւ կամաւորներու այս հաւաքը առաջինն է իր տեսակին մէջ ու նաեւ ցոյց կու տայ Սուրիոյ իշխանութիւններու հոգատարութիւնը երկրի քաջարի զաւակներուն հանդէպ։