image
Հրատապ լուրեր:

Ես հայ մը չեմ, բայց այդ կապ չունի. Ամալ Քլունի

Ես  հայ մը չեմ, բայց այդ կապ չունի. Ամալ Քլունի

«Ես հայկական արմատներ չունիմ»: Այս մասին ըսած է յայտնի իրաւապաշտպան, փաստաբան՝ Ամալ Քլունին «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցին:

Նշուած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի խմբակիցները յաճախ կը յայտարարեն, որ Ամալ Քլունին ազգութեամբ հայ է:

«Չեմ հասկնար, թէ որեւէ ազգութեան պատկանիլը ինչպէս կրնայ վարկաբեկել ինծի: Ես հայկական արմատներ չունիմ, բայց չեմ հասկնար, որ այդ ինչ կապ ունի: Այն, որ ես Հայաստանի շահերը ներկայացուցած եմ դատարանին մէջ զիս հայ չի դարձներ»,-ըսած է Քլունին, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած աղմկայարոյց գործով ներկայացուցած էր Հայաստանի շահերը:

Ատրպէյճանական կողմին նման ենթադրութիւններու հիմք տուած է նաեւ այն, որ Քլունիի ամուսինը՝ յայտնի դերասան՝ Ճորճ Քլունին, կը սատարէ հայ գործարարներուն ստեղծած «Հարիւր կեանք» հիմնադրամին, որուն իր աջակցութիւնը յայտնած է նաեւ Ամալ Քլունին:

Ճորճ ու Ամալ Քլունիները Հայաստան պիտի գան 22 Ապրիլին՝ եռօրեայ այցով «Հարիւր կեանք» հիմնադրամի «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու, որ կը շնորհուի այն մարդոց, որոնք իրենց կեանքը վտանգած են այլոց օգնելու, նաեւ՝ Ցեղասպանութենէն յետոյ հայերուն օգնելու համար: