image

Երուսաղմի Մէջ Առկայ Լարուածութիւնը Կը Շարունակուի

Երուսաղմի Մէջ Առկայ  Լարուածութիւնը Կը Շարունակուի

 Երուսաղէմ («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն)  Երուսաղէմի մէջ    լարուած իրավիճակ կը տիրէ  յատկապէս    Իսլամներու  երկրորդ կարեւորագոյն  սրաբատեղի համարուող «Ալ Աքսա» մզկիթին  շուրջ: Նշենք,  որ Իսրայէլացի ծայրայեղակններ   անցնող շաբթուան ընթացքին   բռնի ուժ կիրարելով    մտած են  մզկիթի շրջաբակը եւ անոնք նպատակ ունին իրենց  կրօնական արարողութիւնները հոն ընելու:      Այսօր  կացութիւնը աւելի բարդացած է,  իսրայէլեան   «Եէշիֆաթ Մաքուր Հայիմ» կազմակերպութեան  հրապարակած կոչէն ետք:   Ըստ «Ալ Հայաթ»ին  ծայրայեղական  ըմբռնումներ ունեցող    խմբաւորումը   կոչ ուղղած է հարիւրաւոր  վերաբնակեցեալներու  այսօր ՝  Կիրակի ամէն գնով մզկիթի    շրջաբակ ներխուժել: Անհանգստութիւն կը տիրէ նաեւ իսլամական շրջանակներու մօտ:  Այս առումով կը հաղորդուի, որ «Իսլամական համագործակութիւն»ը  նպատակ  ունի   յառաջիկայ  օրերուն   ՄԱԿ-ի  ասամպլիայի հերթական նիստին զուգահեռ  Նիւ Եորքի մէջ  արտակարգ  նիստ մը գումարել: