image

Երուսաղէմ. «Սուրբ կրակ»ը առանց ուխտաւորներու

Երուսաղէմ.  «Սուրբ կրակ»ը առանց ուխտաւորներու

Աւագ շաբաթ օր Երուսաղէմի Քրիստոսի Յարութեան մայր տաճարին մէջ (Տիրոջ գերեզմանի տաճար) տեղի պիտի ունենայ սուրբ կրակի վառման արարողութիւնը, բայց առանց ուխտաւորներու,  «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխման նպատակով ձեռնարկուած միջոցառումներու պատճառով։

Իսրայէլի ԱԳՆ-էն յայտնած են, որ 18 ապրիլին արարողութիւնը պիտի կայանայ առանց ուխտաւորներու: Անոր պիտի մասնակցի շուրջ 10 մարդ։ Տիրոջ գերեզմանի տաճարէն ուղիղ հեռարձակում պիտի ըլլայ։ Կը նշուի, որ շարք մը երկիրներ մտադիր են օդանաւեր ուղարկել, որպէսզի ստանան Սրբագործ կրակը։

Քրիստոնէական աշխարհի գլխաւոր սրբավայրը՝ Տիրոջ  գերեզմանի տաճարը 25 մարտէն փակ է «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած իրավիճակի պատճառով։