Սուրիոյ նախագահը Դամասկոսի մէջ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու յատուկ դեսպանորդ Թոմաս Պարաքը, յայտնած է SANA գործակալութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին Ահմետ Շարըհ ընդգծած է Սուրիոյ միասնութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը երկրի ողջ տարածքին մէջ, ներկայ փուլին երկխօսութեան եւ բոլոր սուրիացիներու մասնակցութեամբ Սուրիոյ կառուցման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ջանքերու շարունակական համակարգումը։
Քննարկուած են նաեւ Սուրիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան ամրապնդման ուղիները եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումները։