image

Սուրիոյ քիւրտերուն հետ նոր համաձայնութիւն

Սուրիոյ  քիւրտերուն հետ նոր համաձայնութիւն

Յունուարի 18-ին Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհ ստորագրած է հրադադարի եւ լիակատար համարկման համաձայնագիր Սուրիոյ կառավարութեան եւ քիւրտերու գլխաւորած «Սուրիական դեմոկրատական ​​ուժեր»ու (ՍԴՈւ) միջեւ, հաղորդած է ​​«SANA»-ն։

Համաձայնագիրը բաղկացած է 14 կէտէ։ Այն, ի թիւս այլ բաներու, կը ներառէ.

  • Ան3ապաղ հրադադար եւ «Սուրիական դեմոկրատական ​​ուժեր»ու դուրսբերում Եփրատ գետէն այն կողմ։
  • Տէր Զօրի եւ Ռաքքայի նահանգներու, այդ շարքին՝ բոլոր հաստատութիւններու եւ նաւթի ու կազի հանքավայրերու ամբողջական փոխանցումը Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան։
  • Հասաքէ նահանգի քաղաքացիական հիմնարկներու համարկումը սուրիական պետութեան կառոյցներուն։
  • «Սուրիական դեմոկրատական ​​ուժեր»ու ամբողջ անձնակազմի ներառումը սուրիական բանակին մէջ եւ ներքին գործոց նախարարութեան մէջ իւրաքանչիւրին առանձին ստուգումէ ետք։
  • «Իսլամական պետութեան» բանտերու եւ բանտային ճամբարներու պատասխանատւութիւնը Սուրիբոյ կառավարութեան յանձնելը:
  • Այն Արապ քաղաքէն զգալի ռազմական ներկայութեան դուրսբերումը եւ տեղական ոստիկանական ուժերու ձեւաւորումը։

Յունուար 18-ին, Reuters-ը, յղում ընելով աղբիւրներուն, հաղորդած էր, որ սուրիական զօրքերը գրաւած են երկրի հիւսիս-արեւելքը գտնուող որոշ տարածքներ եւ կարեւոր կառոյցներ՝ ԱՄՆ-ի կողմէ աջակցուող քրտական ուժերու դէմ իրենց յարձակման ընթացքին։ Մասնաւորապէս, անոնք վերահսկողութիւն հաստատած են երկրի ամենամեծ՝ Օմար նաւթահանքի եւ Տէր Զօր նահանգի արեւելքի մէջ գտնուող Քոնոքօ կազի հանքավայրի նկատմամբ։